“Երկիր Մետիա”._ՀՀ Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը արտահերթ նիստով քննարկած է «Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցած «Շուշիի Հռչակագիր»ի վաւերացման առնչութեամբ ԱԺ յայտարարութեան նախագիծը: Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան մօտեցումը ներկայացուցած է պատգամաւոր Գուրգէն Արսէնեան, որ յայտարարած է, որ խմբակցութիւնը պիտի չմիանայ «Հայաստան» խմբակցութեան նախաձեռնութեան՝ պատճառաբանելով, որ ՀՀ կառավարութիւնը արդէն իսկ իր դիրքորոշումը յայտնած է: Ի պատասխան Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանի հարցումին, թէ ի վերջոյ ընդունելի՞ է իշխանութեան համար այս հռչակագիրը, Արսէնեան դիտել տուած է, որ իրենք ունին իրենց մօտեցումները, որոնցմով կը յառաջանան: «Մենք կ’իրականացնենք այն քաղաքականութիւնը, որ նպատակայարմար կը գտնենք։ Ան խաղաղութեան հաստատումն է»,- աւելցուցած է Գուրգէն Արսէնեան: