Երեքշաբթի, 22 Փետրուար 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը յայտարարեց, որ կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Սուրիան Տոնեցքի եւ Լոկանսքի հանրապետութիւններուն անկախութիւնը ճանչցած է։ Նախագահութիւնը յայտնեց, որ 21 Դեկտեմբեր 2021-ին, ռուսական Տումայի երեսփոխան Տիմիդրի Սապլէնի նախագահութեամբ ռուսական պատուիրակութեան մը Դամասկոս այցելութեան ընթացքին, Նախագահ Ասատ Սուրիոյ պատրաստակամութիւնը յայտնեց Տոնեցքի հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումին գծով։ Սուրիոյ Հանրապետութեան սոյն կեցուածքը կը մեկնի Սուրիոյ այն համոզումէն, որ ուքրանական տագնապը արեւմուտքի, գլխաւորաբար ԱՄՆ-ի, արտադրութիւնն է, որպէսզի ժողովուրդներ քայքայուին եւ Ռուսիոյ ազգային անվտանգութիւնը խախտուի, յատկապէս, որ Ռուսիոյ մնայուն սկզբունքներէն մէկը արեւմտեան քաղաքականութեան դէմ պայքարն է։ Նախարարութիւնը եզրափակելով շեշտեց, որ Սուրիան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Տոնեցքի եւ Լոկանսքի հանրապետութիւններուն հետ բեղուն յարաբերութիւններ մշակելու, հիմնուած՝ փոխադարձ յարգանքի եւ գործակցութեան վրայ։