Երեքշաբթի, 22 Փետրուար 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատ Մոսկուայի մէջ «Վալտայ»ի երկխօսութեան հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր արտասանած ճառով յարմար պատասխանը տուաւ արեւմտեան պետութիւններուն, յայտնելով, որ անոնք տարիներէ ի վեր ահաբեկչութեան զօրավիգ կը կանգնին, կը պատերազմին իրենց քաղաքականութեան հակասող պետութիւններուն հետ եւ զանոնք ազատութեան ու ռազմավարութեան թշնամիներ կը համարեն։ Նախարար Մըքտատ հաստատեց, որ Ռուսիոյ Տոնեցքի եւ Լոկանսքի հանրապետութիւններուն անկախութեան ճանաչումը համաշխարհային խաղաղութեան, միջազգային օրէնքին, ՄԱԿ-ի պայմանագիրին եւ միջազգային յարաբերութիւններու պահպանման գծով դրական քայլ մըն է։ Նախարար Մըքտատ ըսաւ. «Երկար ժամանակէ ի վեր կը գործակցէինք Տոնեցքի եւ Լոկանսքի հանրապետութիւններուն հետ, ներկայ իրավիճակը գործակցութիւնը պիտի ամրապնդէ մեր միջեւ։ Սուրիան տասնմէկ տարիէ ի վեր ահաբեկչական աննախընթաց պատերազմի դէմ կը պայքարի, եւ բոլորը լաւ կ՚իմանան, որ մենք ահաբեկչութեան դէմ հզօր յաղթանակ տարինք՝ շնորհիւ սուրիական բանակին եւ Սուրիոյ հաւատարիմ դաշնակիցներուն, գլխաւորաբար Ռուսիոյ։ Նախարար Մըքտատ աւելցուց, որ Սուրիան իր դաշնակից եւ բարեկամ երկիրներուն հետ կը պայքարի արեւմտեան պետութիւններուն դէմ, որոնք վերականգնումի աշխատանքները եւ Սուրիոյ մնայուն բարգաւաճման գործընթացը կը խոչընդոտեն։ Աւելին. ԱՄՆ եւ Եւրոպական Միութիւնը տնտեսական պատժամիջոցներ կը պարտադրեն Սուրիոյ ժողովուրդին։ Մըքտատ եզրափակելով ըսաւ. «Սուրիոյ ժողովուրդին պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցներուն ազդեցութիւնը հետզհետէ բարդացաւ, երբ ԱՄՆ-ի նախկին վարչակազմը որոշումներ գոյացուց Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ տնտեսական նոր պատժամիջոցներ պարտադրելու եւ աննախընթաց որոշումով պատժամիջոցներուն մէջ ներառեց ջերմուժի, ներդրումային ծրագիրներու, արտածումի, ներածումի, օդային, ծովային եւ ցամաքային փոխադրութիւններու եւ այլ հատուածներ։ Անոնք նոյնիսկ Սուրիոյ ժողովուրդը դեղորայքէ եւ ապրուստի նուազագոյն կարիքներէ զրկեցին, ինչպէս՝ սնունդ, ջուր, ելեկտրականութիւն եւ այլն»։ Նախարար Մըքտատ եզրափակելով շեշտեց, որ ԱՄՆ-ի վարչակազմը կը ստէ, երբ կը յայտարարէ, որ պատժամիջոցները բացասական ազդեցութիւն չեն ունենար մարդասիրական օժանդակութիւններուն, դեղորայքի եւ բժշկական հատուածին վրայ։