Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան հարուածները կրնան շրջանային ճակատումի յանգեցնել, միջազգային օրէնքի խախտում են եւ կ՛ականահարեն Դամասկոսի ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կարողութիւնը: Լաւրով նաեւ յայտարարեց. «Մենք կը զօրակցինք Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադարձին»: