Սկաուտական շարժումը ունի ազգային, միջազգային եւ համաշխարhային բնոյթ: Նպատակն է պատրաստել իւրաքանչիւր երկրի երիտասարդները, որպէսզի յատկանշուին առողջ մարմինով, ամուր նկարագիրով եւ ազնիւ կենցաղով։
Մինչդեռ ՀՄԸՄ-ական սկաուտը այլ սկաուտներէ կը զատորոշուի իր ազգային արժէքներով, հայրենասիրութեամբ եւ «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանին հաւատարմութեամբ, միշտ պատրաստ՝ ծառայելու ազգին, հայրենիքին եւ ժողովուրդին։
Փետրուար ամիսը ինչպէս հայ ժողովուրդին, այնպէս ալ ՀՄԸՄ-ական սկաուտներուն համար յատկանշական ամիս է, որովհետեւ այս ամսուան մէջ Համա-ՀՄԸՄ-ական կառոյցը իր 111 մասնաճիւղերով կը տօնէ «Հայ Սկաուտին Օր»-ը։ Պատահականութիւն չէ տօնին յիշատակումը այս օրը, որովհետեւ 22 Փետրուար 1857-ին ծնած է համաշխարհային սկաուտութեան հիմնադիր Լորտ Ռոպէր Պէյտըն Փաուլը, օրը կը զուգադիպի նաեւ Վարդանանց ճակատամարտին:
ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղը 1925-ին իր հիմնադրութեան օրէն կը հանդիսանայ այն աշխուժ մասնաճիւղը, որ արտադրած է տարբեր ոլորտներու մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնող ղեկավարներ։
Օրերս «Գանձասար» հարցազրոյց մը ունեցաւ Պետական Սկաուտական Դաշնութեան 7-րդ վաշտի վաշտապետ եւ Հալէպ Մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Յակոբ Ուրիշիկեանին հետ։
Եղբ. Յակոբ անդրադառնաւով միութեան նպատակին եւ ներկայ պայմաններուն մէջ անոր գործունէութեան, ըսաւ.«ՀՄԸՄ-ի Սկաուտութեան նպատակն է պատրաստել ամուր նկարագիր եւ բարոյական բարձր արժանիքներու տէր, հաւատաւոր եւ անձնուէր հայեր, ծառայելու ազգին եւ հայրենիքին ու նուիրուելու հայ ժողովուրդի ձգտումներու իրագործման: Այս շարքերուն մէջ կը պատրաստուին չարքաշ ու արի անհատներ, որոնք տարուէ տարի կը զարգացնեն իրենց  մտահորիզոնն ու ծառայելու ոգին»։
Երբ հարց տուինք անոր, թէ մասնաճիւղը քանի՞ տարազաւոր անդամ ունի, քանի՞ միաւոր եւ ինչպիսի՞ աշխատանքներ կը տարուին մասնաճիւղէն ներս, եղբ. Ուրիշիկեան նախ անդրադարձաւ միաւորերու պատկերին ըսելով. «Ներկայիս ունինք չորս միաւորներ՝ Յովհաննէս Հինդլեան երէց-պարման միաւոր, որուն մաս կը կազմեն  17 -18 տարեկան պարմաններ, որոնք դաստիարակչական յատուկ ծրագիրի հետեւելով ամիսներ ետք կը ղեկավարեն խումբերը: Շաւարշ Քրիսեան արի-արենոյշ Միաւոր, որուն մաս կը կազմեն միջնակարգ ուսման տարիքին հասած պատանիներ:
Կը հետեւին սկաուտական՝ տեսական եւ գործնական ծրագիրներու: Գրիգոր Յակոբեան գայլ-արծուիկ միաւոր, որուն մաս կը կազմեն նախա- կրթարանի տարիքի փոքրիկներ: Անոնք ունին յատուկ յայտագիր, որ յագեցած է երգի, խաղի եւ պատմութեան ուսուցումով: Անոնք կը ստանձնեն նաեւ պարտականութիւններ իրենց խումբին մակարդակով: Մոկլի միաւոր. ամէնէն ուրախ եւ գունեղ միաւորը, որ կազմուեցաւ ամիսներ առաջ Կեդրոնական Վարչութեան թելադրանքով: Անոր մաս կրնան կազմել 3 տարեկանէն սկսեալ մանուկներ: Հալէպ մասնաճիւղը առաջին մասնաճիւղն է, որ հիմնեց այս միաւորը եւ ունեցաւ յատուկ մանկական սրահ: Ասիկա կը նկատեմ ամէնէն կարեւոր միաւորը, որովհետեւ երբ աշխատինք փոքրիկներուն հետ, իրենց ծնողքին գործակցութեամբ, հետագային կ’ունենանք արի եւ անձնուէր անհատներ: Մոկլի միաւորն ալ ունի իր ծրագիրը, որ  կ’ընդգրկէ մանկական խաղեր՝ գոյներու եւ ձեւերու օգտագործումով։ Ներկայիս մասնաճիւղիս մաս կը կազմեն 375 տարազաւոր քոյրեր ու եղբայրներ։
Կեդրոնական Վարչութիւնը կը հրատարակէ իւրաքանչիւր տարիքի յատուկ գիրքեր, որոնցմով կը մատուցուին դաստիարակչական  տեսական եւ գործնական ծրագիրները: Կը կազմակերպենք նաեւ կարգերու տարբեր սեմինարներ, տարեկան բանակում եւ գիշերային ու միօրեայ գործունէութիւններ։
Օրեր ետք Սկաուտի օրը պիտի յիշատակենք: Նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը մաս կը կազմէ պետական Սկաուտական Դաշնութեան, հետեւաբար աշխուժ եւ օրինաւոր մասնակցութիւն կը բերենք դաշնութեան կազմակերպած տողանցքներուն, բանակումներուն, մարզական մրցաշարքերուն եւ ժողովներուն։
Այս բոլոր աշխատանքներուն կողքին կը հրաւիրուինք տարազաւոր, բրոթոքոլային աշխատանքներու, եկեղեցական կամ ազգային տօներու, ձեռնարկներու եւ երգահանդէսներու: Այսինքն  մենք միշտ ներկայ ենք, ուր որ անհրաժեշտ է եւ այսպէս ալ կը սորվեցնենք մեզ յաջորդողներուն»։
Երբ հարց տուինք եղբօր, թէ երիտասարդութիւնը ի՞նչ կը փնտռէ եւ ի՞նչ կը գտնէ ՀՄԸՄ-ի մէջ, ան պատասխանեց. «Պահանջները շատ են, սակայն անոնք ՀՄԸՄ-ի մէջ կը գտնեն սէր, յարգանք եւ հաւաքական աշխատանքի փորձառութիւն ձեռք կը ձգեն՝ մարզական եւ սկաուտական ոլորտներուն մէջ։
ՀՄԸՄ-ը մեծ դպրոց մըն է, որ կը խնամէ, կը զարգացնէ եւ կը կերտէ հազարաւոր սերունդներ: ՀՄԸՄ-ը մեր յոյսն ու լոյսն է։
ՀՄԸՄ-ը միակ միութիւնն է, ուր մարմնակրթութեան եւ մարդակերտումի աշխատանքը կը սկսի փոքր տարիքէն՝ 3 տարեկանէն: Այդ փոքրիկը մեր մթնոլորտին մէջ մեծնալով կը դառնայ վաղուան ղեկավարը եւ առաջնորդը՝ ծառայելով ազգային, եկեղեցական եւ նոյնիսկ պետական մարզերու մէջ։ Անոնք կը սորվին կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարել ժպիտով, միասնակամութեամբ եւ բարձ ոգիով»։
«Այս աշխատանքներուն ընթացքին վստահաբար  կը յառաջանան դժուարութիւններ: Ի՞նչ կ’ըսէք այդ մասին», հարցուցի:
«Մեր հիմնական դժուարութիւնը 18 տարիքը ամբողջացնող եղբայրներուն տարբեր պատճառներով գաղթի դիմելն է։ Այս պատճառով ալ մեր խմբապետական կազմի անդամները կը ծանրաբեռնուին՝ ծառայելով տարբեր ոլորտներու մէջ։
Ներկայ սերունդը համացանցի եւ արդիական խաղերու գերին դարձած է, այս ալ դժուարութիւն մըն է, զոր կը ջանանք յաղթահարել՝ զիրենք երբեմն այդ մթնոլորտէն դուրս բերելով, փոխարէնը խմբային կամ դաշտային խաղերու մասնակից դարձնելով։
Երկրի տնտեսական իրավիճակին բերումով ունինք նաեւ նիւթական դժուարութիւններ, սակայն մասնաճիւղի վարչութիւնը միշտ սատար կը հանդիսանայ  մեզի՝ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ  փարատելու այս դժուարութիւնները։
Ունինք նաեւ մնայուն կեդրոնի դժուարութիւն, նկատի ունենալով մեր մեծ թիւը եւ ծրագիրը, որ դաշտային եւ դասարանային միջավայր կը պահանջէ:  «Սիմոն Վրացեան» շէնքը տրամադրուած է մեզի: Այնտեղ կը կատարենք մեր շաբաթական ժողովները: Մոկլի միաւորի սրահն ալ այդ շէնքին մէջ կը գտնուի։
Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանը տրամադրուած է գայլ-արծուիկներուն, իսկ ՀՄԸՄ-ի դաշտը երէց պարմաններուն եւ արիական բոլոր խումբերուն, որպէսզի դաշտային աշխատանք տանին այդտեղ:
Շաբաթներ առաջ այս  դժուարութեան բերումով Համազգայինը եւս «Զաւարեան» մշակոյթի կեդրոնը մեզ տրամադրեց: Ներկայիս արիական քանի մը խումբեր իրենց գործունէութիւնը այնտեղ կը կատարեն: Շնորհակալ ենք Համազգայինէն:
«Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանին հաւատարիմ կը գոյատեւենք եւ կը փորձենք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները՝ ՀՄԸՄ-ի ջահը փոխանցելու յաջորդող սերունդներուն»։
Ժիրայր Կարապետեան