Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային ծառայութեան անդաստանը կորսնցուց իր խոհական տոքթորը,որ իր անկրկնելի անձնաւորութեան մէջ զարմանալի ներդաշնակութեամբ համատեղած էր ակադեմականն ու գործնապաշտ մարդը եւ շուրջ երեք տասնամեակներու վրայ երկարած իր հանրային գործունէութեամբ արժանացած էր յարգանքի։
Տոքթ. Սիսեռեան ծանօթ անուն էր նաեւ արաբ մտաւորական շրջանակին եւ հայ համայնքային յարգուած ներկայացուցիչ պետական շրջանակներուն մէջ։
Տոքթ.Սիսեռեան Հայ Հալէպի երանգներէն երանգ մըն էր, որ շիջեցաւ։
Թեմական հաւաքական յիշողութիւնը երկար պիտի յիշէ Վահէ Սիսեռեան խոհական մարդը, պայծառատես եւ ապագայատեսիլ ծրագրումներով ընթանալու ջատագով, հմուտ ժողովականը։
Կը վշտակցիմ Սիսեռեան ընտանիքին։
Յարգանք Վաստակիդ, սիրելի՛ Վահէ:
—————————————————————————————————————————————–
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԷ ՍԻՍԵՌԵԱՆ
Ծնած է Հալէպ 1943-ին Զէյթունցի ծնողքէ։ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, կը մեկնի Իտալիա եւ կը մտնէ հոգեբուժական համալսարան։
1976-1979-ին կը պաշտօնավարէ Լիբանանի Մանուկեան Հիւանդանոցին մէջ՝ որպէս փոխտնօրէն։
Հալէպ վերադարձէն մինչեւ թուականս աւելի քան չորս տասնամեակներ ան կը պաշտօնավարէ որպէս անուանի դասախօս Հալէպի բժշկական համալսարանին մէջ, նաեւ կ’ունենայ իր անձնական բուժարանը։
Տարիներու տքնաջան աշխատանքով իր նիւթական վիճակը կը բարելաւէ։ Ամուսնանալով Մարիա Ղազալի հետ, կը բախտաւորուի  երեք մանչ զաւակներով՝ Զարեհ, Տիգրան եւ Շանթ։
Իբրեւ մանկավարժական ու հոգեբանական գիտելիքներով օժտուած բժիշկ, ան ճկուն, անկեղծ ու խիզախ գործնական մարդ եղած է։
Իր հոգեմտաւոր եւ վարչական կարողութիւնները ոչ միայն խօսքով, այլեւ գործով արտայայտած է։
Իրեն վստահուած վարչական որեւէ աշխատանք ան տարած է համբերութեամբ, խղճմտօրէն եւ յարատեւ հետապնդումով։ Ստանձնած է հետեւեալ պատասխանատու պաշտօնները.
-Երկու շրջան Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ
-Ազգ. երեսփոխանական ժողովի անդամ
-Ազգ. Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետ
-Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի խնամակալութեան ատենապետ
-Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան երէց խորհուրդի անդամ։
 Իր խօսքերը յոյս ու հաւատք ներշնչած են երիտասարդ հայրենակիցներուն, զանոնք օժտելով ինքնավստահութեամբ եւ կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու կամքով։
Բժիշկ Վահէի ներկայութիւնը դարձած է հաճելի։ Եղած է համակրելի անձնաւորութիւն։
Առ ի գնահատանք իր տարիներու բարւոք ծառայութեան պարգեւատրուած է Բերիոյ Հայոց Թեմի «Ծառայութեան Շքանշանով»։
Գրիգոր Տունկեան