Հինգշաբթի, 24 Փետրուար 2022-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, նախագահութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն եւ հիւրընկալութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, տեղի ունեցաւ Սրբ. Վարդանանց տօնակատարութիւն, Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին, տօնակատարութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան:
Տօնախմբութեան ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամները, հալէպահայ հաստատութիւններու, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծաթիւ հայորդիներ:
 
Բացման խօսք արտասանեց եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Մարինա Պօղիկեանը:
Հայրենասիրական բնոյթի գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով հանդէս եկաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բարշ. տոքթ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Յովիկ Օհանեանի: Յաջորդաբար հնչեց «Նորահրաշ» շարականը եւ «Թէ Հայրենեաց Պսակադիր» երգը: «Արիացեալք» շարականը մեներգեց Բիւզանդ Պէպէճեանը, իսկ Մակար Եկմալեանի «Լռեց» երգը մեներգեց բարշ. Կարօ սրկ. Պալեանը, դպրաց դասին մասնակցութեամբ:
Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» բանաստեղծութիւնը ասմունքեց դպրուհի Աննա Սաղպազարեանը:
 
Օրուան բանախօսութիւնը ներկայացուց բարշ. Կարօ սրկ. Պալեանը: Ան խօսքին սկիզբը որդիական շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ բանախօսութեան այս առիթը շնորհելուն համար:
Ան անդրադարձաւ Սրբ. Վարդանանց տօնի խորհուրդին, յայտնելով, որ «Վարդանանց պատերազմի միակ կտակը այն է, որ երեւելի եւ աներեւոյթ Յազկերտներուն դիմաց Վարդանի սուրը բարձր պահենք՝ պաշտպանելու մեր եկեղեցին ու Աւետարանը, որովհետեւ մեր նախահայրերը ըսին. «Մեր Հայրը կը ճանչնանք Աւետարանը, իսկ մեր հոգեւոր Մայրը՝ Առաքելական Ս. Եկեղեցին»: Հաւատքը հագուստ մը չէ, որ կարենանք փոխել, այլ՝ քրիստոնէական մեր հաւատքը մեր մորթին գոյնն է»:
 
Երեք համայնքապետները իրենց պատգամը ուղղեցին հաւատացեալներուն:
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր պատգամին մէջ յայտնեց, թէ ներկայիս կ’ապրինք ոչ սովորական օրերու մէջ, մեր հայրենիքին այսօրուան դրուածքը եւ սփիւռքի հայութեան իրավիճակը, առաւել եւս ժողովուրդներու դիմագրաւած բազմապիսի դժուարութիւնները մեզ դէմ յանդիման կը դնեն կեանքի գոյութենական դժուարին հարցերու առջեւ, որոնք սկիզբ առած են պատմութեան խորքէն եւ կը հասնին մինչեւ մեր օրերը: Հետեւաբար ան հրաւիրեց ներկաները, որպէսզի Վարդանանց ոգիով գոյութենական պայքարը զգաստութեամբ մղեն՝ քրիսոնէական հաւատքը եւ հայրերէն լեզուն պաշտպանելու եւ մեր ազգին միասնականութիւնը ամրագրելու:
 
Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան իր պատգամին մէջ մատնանշեց խղճի ազատութեան համար մղուած Վարդանանց պատերազմը, որուն մարտիրոսները Աւարայրի դաշտը վերածեցին մշտաբարբառ դպրոցի:
Տէր Կոմիտաս Վարդանանց հերոսները կամրջեց Արցախի մէջ նահատակուած մեր հերոսներուն եւ յատկապէս հալէպահայ երեք նահատակներուն հետ, որոնք հայ ազգին եւ քրիստոնէական հաւատքին հանդէպ իրենց կառչածութիւնը ցոյց տուին հայրենիքին համար իրենց թափած արիւնով: Ան հաստատեց, թէ Վարդանանք՝ ազգային միասնականութեան եւ ազգային դիմագիծի պաշտպանութեան խորհրդանիշը հանդիսացան: Ան հրաւիրեց ներկաները, որ պահեն մեր նախնիներու աւանդը եւ քաջութիւն ունենան ո’չ ըսելու մեր գոյութիւնը խաթարող մարտահրաւէրներուն:
 
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր պատգամին մէջ ընդգծեց, թէ Սրբոց Վարդանանց տօնին, ողջ հայութիւնը Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ կը խոնարհի 451-ին մեր ազգային ինքնութիւնն ու քրիստոնէական հաւատքը պաշտպանելու ի խնդիր նահատակուած մարտիրոսներու յիշատակին առջեւ:
Վարդանանց հաւատամարտի խորհուրդը պարզաբանելով, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը մերժեց յանձնուելու հոգեբանութիւնը, նախընտրեց պայքարիլ եւ այդպիսով բարոյական յաղթանակ արձանագրեց, որովհետեւ Նուարսակի դաշնագիրով յաջողեցաւ ազատօրէն ապրելու եւ քրիստոնէական հաւատքը պահելու իրաւունք ստանալ, հակառակ որ այսօր շատ մը պետութիւններ կը փափաքին նման համաձայնագիր ստորագրելով արդարութիւն հաստատել, սակայն չեն յաջողիր:
Աւարայրի ճակատամարտին յաջողութիւնը Սրբազան Հայրը վերագրեց հայ ժողովուրդի միասնական կեցուածքին: Ան յայտնեց, թէ քաջն Վարդան մաքրութեան խորհրդանիշ եղաւ, որովհետեւ իր մաքուր նկարագիրով ազգային արժէքներուն հանդէպ ունեցած իր կապուածութիւնը գործնականապէս ցոյց տուաւ:
 
Մասիս եպիսկոպոս անդրադարձաւ Վարդանանց պատերազմին յաջորդող հայ ժողովուրդի պատմութեան յատկանշական յաղթանակներուն, որոնք իրականացան շնորհիւ Վարդանանց զօրավարներուն օտար հոսանքներուն դէմ մղած պայքարին:
Սրբազան Հայրը իր խօսքի աւարտին գնահատեց գեղարուեստական յայտագիրի բոլոր մասնակիցները եւ օրուան բանախօսը:
Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ երեք համայնքապետներու օրհնութեան աղօթքով: