Հինգշաբթի, 24 Փետրուար 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ առաւօտեան ժամը 1:10-ին, Իսրայէլ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Թապարիա լիճէն Դամասկոսի ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով 3 զինուոր նահատակուեցաւ եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ արձանագրուեցան։ Աղբիւրը աւելցուց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն, վար առնելով անոնց մեծամասնութիւնը։