Հինգշաբթի, 24 Փետրուար 2022-ի առաւօտուն, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ի յիշատակ Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց, որոնք նահատակուեցան պահպանելու հայ եկեղեցին, հայ ազգն ու հայոց հայրենիքը։
 
Օրուան Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան:
Պատարագի աւարտին Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով Սրբ. Վարդանանց տօնին նուիրուած փունջ մը արտասանութիւններ եւ երգեր ներկայացուցին, ղեկավարութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, ոգեւորելով ներկաները։
 
Հոգեշնորհ Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Եթէ Վարդանանց Սուրբերը չնահատակուէին, մենք այսօր հոս ներկայ պիտի չըլլայինք, անոնք նահատակուեցան, որ մենք շարունակենք մեր աղօթքը եկեղեցիներէն ներս, պահելով Քրիստոսը մեր սրտերուն մէջ։ Անոնք նահատակուեցան, որպէսզի մենք պահենք Հայութիւնը եւ Մեսրոպաշունչ հայ լեզուն»։
 
Աւարտին հայր սուրբը բարձրօրէն գնահատեց Կիրակնօրեայ Վարժարանի վարչական կազմը այս տպաւորիչ ներկայացումին համար, ապա ողջունեց եւ օրհնեց փոքրիկները, որոնք վարդանանց հերոսներուն շառաւիղն են եւ հետեւողական պայքարի ոյժն ու կամքը։