Ե.
«ՀՄԸՄ-ը մարզական, սկաուտական միութիւն ըլլալով մէկտեղ, է ու կը մնայ բարոյական, կրթական ու դաստիարակչական հսկայ դարբնոց մը, ուր կը պատրաստուի հայ մարդը, մանաւանդ գիտակից ու յանձնառու հայ մարդը»:
 
Բոլորս քաջ գիտենք, որ եսասիրութիւնը, անհատական շահերու հետապնդումը, առիթներու օգտագործումը խոտոր կը համեմատին մարզական, մարդկային եւ բարոյական սկզբունքներուն հետ: Անոնք հոգեկան ախտեր են, որոնք կ՚ապականեն մարզական կեանքը ընդհանրապէս եւ կը ջլատեն խումբին կայուն վիճակը, քայքայումի եւ ձախողութիւններու լայն դռներ բանալով անոր առջեւ:
 
Կը հաւատանք, որ վարպետ, փորձառու, աստղ խաղացողի մը ներկայութիւնը խումբէն ներս խիստ կարեւոր ներդրում է: Սակայն երբեք պէտք չէ մտածել կամ ենթադրել, որ անոր խումբէն բացակայութեան պարագային կարելի պիտի չըլլայ յաղթանակ ապահովել: Ֆութպոլը հաւաքական խաղ է, ոչ թէ անհատական, հետեւաբար խումբը հաւաքական ջանքով, գործակցութեամբ եւ պայքարով ու վճռակամութեամբ կրնայ նուաճումներ կերտել եւ յաջողութիւններ արձանագրել:
Համեստ փորձառութենէս մեկնած կը խնդրեմ բոլոր պատասխանատուներէն եւ մարզիչներէն կարեւորութեամբ նկատի ունենալ այս լուրջ պարագան եւ զգուշ ըլլալ նման անհատներէ, որոնք կը փորձեն շահագործել առիթները իրենց եսին գոհացում տալու եւ անհատական շահեր ապահովելու նպատակով։ Անոնք պատճառ կը դառնան խումբին տկարացումին:
Պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, հաւատքով, հաւաքական շահը անհատականէն վեր դասելու սկզբունքով, բոլորս գործենք ի խնդիր միութեան գոյատեւման,
վերելքին, հզօրացման եւ հարկ եղած պարագային խիզախ կեցուածք ցուցաբերենք այս նպատակին համար:
 
Այժմ ձեզի կը ներկայացնեմ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի փառաւոր անցեալէն շահեկան դէպք մը, որպէս օգտակար օրինակ գօտեպնդուելու եւ մեծ թափով, ինքնավստահօրէն շարունակելու ձեզի վստահուած սրբազան պարտականութիւնը:
 
1965-ի ամրան սկիզբը, բարեկամական մրցում մը տեղի ունեցաւ Հալէպի ՀՄԸՄ-ի եւ Գամիշլիի հաւաքականի զօրաւոր կազմին միջեւ: Այս խումբը երկու օր առաջ յաջողած էր յաղթել Դամասկոսի ոստիկանական խումբին (1-0) արդիւնքով, տպաւորիչ մակարդակ ցուցաբերելով:
Կիրակի առաւօտ, ՀՄԸՄ-ի խումբը եւ պատասխանատուները ՀՄԸՄ-ի պարտէզին մէջ համախմբուած էին նախաճաշի սեղաններու շուրջ: Ուրախ մթնոլորտ կը տիրէր: Նախաճաշի աւարտին, երբ պատրաստուած էինք հրաժեշտ տալու ներկաներուն, յանկարծ վիճաբանութիւն մը ստեղծուեցաւ խումբի կարգ մը պատասխանատուներուն եւ մարզիչ եղբօր միջեւ: Ի յայտ եկաւ, որ խումբի խաղացողներէն մին յայտնած էր, որ օրուան մրցումին պիտի չկարենար մաս կազմել, պատրուակելով իր անհանգիստ ըլլալը:
Յանձնախումբի կարգ մը եղբայրներ կը փորձէին մարզիչ եղբայր Աբրահամ Աւընեանը համոզել, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս նիւթական հատուցում մը շնորհէ այդ խաղացողին, որպէսզի մասնակցի այս կարեւոր մրցումին:
Եղբ. Աբրահամ կը մերժէր, որպէսզի վերջնականապէս վերջ տար կամաւոր ծառայութեան վրայ հիմնուած խումբին մէջ այս վնասակար ախտին ու կանխէր անոր հետեւանքները:
Յանձնախումբին թափած ճիգերը ապարդիւն եղան, որովհետեւ մարզիչ եղբայրը հաստատ մնաց իր որոշումին վրայ եւ մերժեց նոյնիսկ այդ եղբօր խաղին մասնակցելու առիթ տալ, ստանձնելով իր այս կեցուածքին ամբողջական պատասխանատուութիւնը:
Եւ այսպէս հաւաքը վերջ գտաւ:
 
Մրցումէն առաջ, մարզիչ եղբայրը անհրաժեշտ թելադրանքները տուաւ, մանաւանդ այն խաղացողին, որ պիտի ստանձնէր բացակայ եղբօր դերը, վստահելով անոր ֆիզիքական պատրաստուածութեան, անհատական կարողութիւններուն, փորձառութեան եւ հմտութեան:
 
Մրցումը ընթացք առաւ, ՀՄԸՄ-ի խումբը, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս բացառիկ, տպաւորիչ խաղ ներկայացուց եւ հմայեց բոլոր ներկաները, արժանանալով անոնց քաջալերանքին ու գնահատանքին:
 
Մրցումը վերջ գտաւ (5/0) արդիւնքով, առաջին եւ վերջին կոլերը նշանակեց այն եղբայրը, որը ստանձնած էր բացակայ եղբօրը դերը:
 
Երկու օր վերջ, “անհանգիստ” եղբայրը ներկայացաւ խումբին եւ ներողութիւն խնդրելէ ետք բոլորէն, բնական ձեւով մասնակցեցաւ փորձին:
Մարզիչ եղբօր՝ հանգուցեալ Աբրահամ Աւընեանի իմաստուն, յանդուգն եւ պատասխանատու այս որոշումը լաւ տպաւորութիւն ու դրական ազդեցութիւն թողուց բոլորին վրայ:
 
Այս հիւանդագին վիճակը արմատախիլ եղաւ եւ խումբը իր առողջ վիճակը վերագտնելով բնական ձեւով շարունակեց իր ընթացքը, նորանոր նուաճումներ ու բացառիկ յաղթանակներ արձանագրելով:
 
Եղբ. Աւընեան իր այս պատասխանատու արարքով եկաւ վերհաստատելու, որ ՀՄԸՄ-ը սոսկ մարզական ակումբ մը չէ: Ան հսկայ կրթադաստիարակչական հաստատութիւն մըն է, մարդակերտումի եւ հայակերտումի սրբազան առաքելութիւն ունի եւ որպէս այդպիսին, մեր ժողովուրդին յոյսի ու լոյսի աղբիւրն է։ Ան ձուլումի, քաղքենիացումի վտանգաւոր ու վարակիչ հոսանքներուն դէմ յամառօրէն պայքարողն է, մեր ժողովուրդին անկատար տենչերն ու երազները իրականացնելու կոչուած մնայուն ամրոցն է:
 
Այս է եղած ՀՄԸՄ-ը իր աւելի քան հարիւրամեայ կեանքին ընթացքին եւ այսպէս պիտի շարունակէ մնալ մինչեւ որ իրականանայ մեր ազգին դարաւոր երազը՝ միացեալ, ամբողջական տեսնելու հողը հայրենիքին՝ պատմական Հայաաստանին:
 
Փառք ու պատիւ ՀՄԸՄ ին: Բիւր յարգանք եւ երախտագիտութիւն բոլոր անոնց, որոնք եկան ու անցան սրբազան իրենց պարտականութիւնը բարձր գիտակցութեամբ, անսակարկ նուիրումով եւ կուռ հաւատքով կատարելով:
Ճորճիկ Ռաստկելէնեան