19 Փետրուարը Թումանեանի ծննդեան օրն ու Հայաստանի մէջ պաշտօնականացուած գիրք նուիրելու օրն է:
Ամէն կողմ գիրքերու վաճառքի զեղջեր կան: Գրախանութները խճողուած են յատկապէս մանուկներուն գիրքեր նուիրել փափաքողներով: Մեծ վաճառատուները եւս հացի ու շաքարեղէնի կողքին զեղջուած գիրքերու յայտարարութիւններ զետեղած են. վերջապէս տօնական մթնոլորտ  է…
Լսած էի այս նախաձեռնութեան մասին ու երբեմն քաջալերած աշակերտներս, որ իրենք եւս գիրք նուիրեն: Միշտ ալ այս իմաստով տկար փորձեր եղած են՝ գիրքի նահանջն ու գիրքը փրկելու յոյսով:
Ելեկտրոնային գիրքը իր տեղը պիտի չզիջի այլեւս տպագիրին, բայց մենք յամառօրէն վերջին ճիգ մը ընելը պարտականութիւն կը սեպենք, մանաւանդ եթէ գիրքի սիրահար ենք ու մեզի համար ընդունելի չէ նահանջի գաղափարը:
Պարտադրաբար ամբողջ գիրքի ոդիսական մը կը հրմշտկէ յիշողութեանս ծալքերը:
Տան գրադարանը մաքրելն ու շտկելը ինծի վստահուած էր որոշ տարիքէ մը ետք, իսկ ես մեծ հաճոյքով կ’ընէի այդ աշխատանքը: Այդ գործը չէր վերջանար, կրնար օրեր տեւել ու տան տակնուվրայութիւնը զայրացնել շուրջիններս, բայց չէ որ ես իւրաքանչիւր գիրք, թերթ, պարբերական պէտք է անգամ մը աչքէ անցընէի ու յետոյ վերցնէի կամ չվերցնէի կարդալու յոյսով: «Բագին»-ի, «Բժիշկ»-ի, «Հայրենիք»-ի հաւաքածոները տարբեր հաճոյք ունէին, այլազան նիւթեր, որոնք քեզ ակամայ կը քաշէին: Հօրեղբայրներէս իւրաքանչիւրը իր նախասիրութեան համաձայն բաժանորդագրուած էր պարբերականի մը, իսկ մենք՝ որպէս պապենական տան ժառանգորդներ, գիրքերուն ժառանգորդները դարձած էինք, երբ հայու ճակատագրով հօրեղբայրներէս իւրաքանչիւրը աշխարհի մէկ անկիւն գաղթած էր:
Նոյն հաճոյքով յետոյ ամէն ցամաքամասէ նոր գիրքեր գնած ու գուրգուրացած եմ անոնց վրայ, մինչեւ որ մեր գիրքերու թիւը կրկնապատկուած է, դարանները անբաւարար դարձած, ու մենք գիրքերը տեղէ տեղ փոխադրելու պարտաւորութեան տակ մտած ենք:
Հետագային գիրքերու սէրը մէջս արթնցուց նաեւ գրադարանավարութիւն ուսանելու եւ զայն մասնագիտութեան վերածելու մեծ փափաք մը, որուն համար ալ գիրքեր գնուեցան:
Մեզի պէս ուրիշներ ալ կային, որոնց համար հաճոյք էր գիրք ունենալն ու կարդալը, մինչեւ Սուրիոյ պատերազմին սկիզբը, երբ մեր կեցութիւնն իսկ վտանգուեցաւ: Ուստի ինչպէ՞ս մտածել գիրքերու մասին, որոնք մէկ փամփուշտով կրնային փճանալ:
Պատերազմի համեմատաբար խաղաղ մէկ տարուան Հայաստան այցելութեան ընթացքիս կը հանդիպիմ միջին տարիքի տիկնոջ մը, որուն ազնիւ բնաւորութեան մասին լսած էի, սակայն զինք տեսնելու առիթ չէի ունեցած: Ակամայ այսօր զինք անգամ մը եւս կը յիշեմ:
Պատահաբար այնպէս բերաւ, պարտաւորուեցանք զինք յիշել ու խնդրել, որ հիւանդի մը հսկողութիւնը ընէ: Հո՛ն ես առիթ ունեցայ նաեւ զրուցելու իր հետ: Տիկինը, որ երբեմն հիւանդապահութեան եւ երբեմն տան մաքրութեան գործով իր ապրուստը կ’ապահովէր, մասնագիտութեամբ գրադարանավար էր: Առաջին առիթով գրադարանավարութիւն բառը լսելով ներքուստ կը հրճուիմ, նոյն քաշողականութիւնը ունի ինծի համար այդ բառը ինչ որ ունէր տարիներ առաջ, բայց յանկարծ կ’ընկճուիմ ու այդ վայրկեանը մտքէս չի հեռանար: Կեանքի պայմանները ստիպած էին, որ ինք ուրիշ գործ աշխատէր, գիրքը սիրելով մէկտեղ: Հիմա ինք ինքնաբաւ է ու ամէն տարի ամառնային արձակուրդը նոր տեղ մը անցընելու մասին կը մտածէ, բայց երեւոյթը ակամայ երկար մտածել կու տայ…
Կը նահանջէ գիրքը կամայ թէ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ…
Բայց ամենափոքր ճիգն անգամ իր արդիւնքը կրնայ ունենալ… ու այսօրուան գիրք նուէր ստացած մանուկը վաղուան ընթերցասէրն ու գրադարանավարը կրնայ ըլլալ:
Զեփիւռ Պապիկեան-Աւագեան