Ամերիկահայ բարերար, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան աջակից, դոկտոր Մայք Սարեան՝ Պրիւքսէլի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբին համար գրասենեակ գնելու նպատակով տուած է 300 հազար ԱՄՆ տոլար նվիրելու խոստում: «Դոկտոր Մայք Սարեան Քալիֆորնիոյ գաղութի այն բարերարներէն է, որ իր լուման կը բերէ մեր ազգի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին: Հայոց Ցեղասպանութեան հետապնդման ճամբուն՝ Հայ Դատին կատարած Մայք Սարեանի այս ներդրումը իր դրական անդրադարձը կ’ունենայ մեր պահանջատիրական աշխատանքներուն», հաստատեց Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր-Խաչատուրեան: Մայք Սարեան նաեւ տեսաուղերձով յաջողութիւն մաղթած է 28 Փետրուարին Հայաստանի մէջ սկսած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն: Անդրադառնալով հայութեան առջեւ ծառացած դժուարութիւններուն, մասնաւորապէս Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ունեցած մեծ կորուստներուն, ամերիկահայ բարերարը յոյս յայտնած է, որ միասնական աշխատանքով կարելի պիտի ըլլայ կերտել աւելի լաւ ապագայ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ: Այս առաքելութեան մէջ ան առանձնայատուկ կարեւոր համարած է Դաշնակցութեան դերը, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին պէտք է Ընդհանուր ժողովին բիւրեղացնէ իր որոշումներն ու ընելիքները: «Դաշնակցութիւնը ուժեղ է իր աջակիցներով, որոնք տարբեր միջոցներով կը նպաստեն մեր համազգային ընդգրկում ունեցող աշխատանքներուն: Հայ Դատի հետապնդման ջանքերը, մասնաւորապէս, մշտապէս կարիք ունին ուշադրութեան եւ ներդրումներու, կամաւոր եւ մասնագիտական ներուժի ներգրաւման: Այս նուիրական գործունէութեան իրենց նպաստը կը բերեն բազմաթիւ բարերարներ, մասնագէտներ, երիտասարդներ: Դոկտոր Մայք Սարեանի նուիրատուութեան այս նախաձեռնութիւնը, անշուշտ, էապես կը նպաստէ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն և պիտի ըլլայ դրական նոր ազդակ՝ նմանատիպ աջակցութիւններու համար: Շնորհակալութիւն մեր համազգային դատի հետապնդման աշխատանքներուն աջակցելուն, ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն յաջողութիւն մաղթելուն համար», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան: