Հպարտութիւնը մահացու մեղք է։ Ան վնասաբեր ազդեցութիւն եւ կործանարար հետեւանք ունի մարդուն կեանքին մէջ։ Մեծամտութեան, ինքնահաւանութեան, այլամերժութեան, վիճաբանութեան, հակառակասիրութեան եւ նախանձին դրդապատճառը ընդհանրապէս հպարտութիւնն է, որ արգելք կը հանդիսանայ ինքնաքննութեան, անդրադարձի, զղջումի, խոստովանութեան, հաշտութեան եւ ապաշխարութեան։
Հպարտ մարդը յաճախ կը պարծենայ իր արժանիքներով եւ իրագործումներով։ Կը նախընտրէ միայն իր դրական յատկանիշներով ուրախ զգալ եւ գոհունակ ըլլալ, եւ կը խուսափի արժանաւոր մարդոց նկատմամբ գովասանական արտայայտութիւն ունենալէ։ Հպարտը իր սխալները կը ծածկէ, այլոց մանր սխալները խոշորացոյցով կը դիտէ եւ կարծրասրտութեամբ անարդար դատողութիւն կ’ընէ։ Հպարտը իր կոպիտ թերութիւնները բնական կը համարէ, իսկ ուրիշներուն տանելի թերութիւնը անընդունելի կը սեպէ։ Նմանօրինակ վատառողջ մտայնութիւններու տէր մարդիկ խաղաղութեան թշնամիներ են։
Հպարտութեան մղումով մարդը յանդգնեցաւ Աստուծոյ դէմ մեղանչել, առանց նկատի առնելու Տիրոջ կամքին բարութիւնը, դրախտային վայելչութիւնը եւ պատուիրանի գործադրութեան կարեւորութիւնը։
«Ամբարտաւան» բառն ալ հոմանիշ է հպարտութեան։ Ամբարտաւան (հպարտ) մարդը չի կրնար իր մեղքին տգեղութիւնը տեսնել, յանցանքին ահաւորութիւնը մտաբերել, սխալէն դաս քաղել, դարձի գալու առիթը օգտագործել, տկարութիւնը հրապարակել, Տիրոջմէ փրկութիւն ակնկալել, սրտաբուխ աղօթք մատուցել եւ Աստուծոյ բարիքները յիշելով երախտագիտական զգացումներ յայտնել։
Հպարտը անգութ դատաւորի պէս անիրաւ վճիռ կ’արձակէ, ո՛չ երկխօսութեան սկզբունքը կ’որդեգրէ, ո՛չ խորքային ճանաչողութեան հասնելու ճիգ կը թափէ, եւ ոչ ալ իմաստուն մարդոց խորհուրդներուն կը դիմէ։ Հպարտը ինքզինք որպէս իրաւատէր կը ներկայացնէ եւ խօսակցական նիւթով իր եսին գովքը կը հիւսէ։ Առածը կ’ըսէ. «Հպարտը կը կարծէ, թէ ինք արեւն է, եւ իր շուրջինները միւս մոլորակները, որոնք իր շուրջը կը դառնան»։
Խոնարհ մարդը չի սահմանափակուիր իր մարդկային նկատառումներով, այլ կ’ապաւինի Աստուծոյ անսահման զօրութեան, առատ ողորմութեան եւ երկնային շնորհքին ներգործութեան։ Ուստի, Քրիստոսի օրինակին կը հետեւի եւ Տիրոջ հաճութիւնը կը շահի։
Քրիստոս Փարիսեցին եւ Մաքսաւորը առակը պատմեց անոնց՝ «Որոնք իրենք իրենց համար այն համարումը ունին, թէ արդար են եւ ուրիշները կ’արհամարհէին» (Ղկ 18.14)։ Առակի աւարտին մեր Տէրը եզրակացուց ըսելով.«Ով որ իր անձը խոնարհեցնէ պիտի բարձրանայ» (Ղկ 18.14)։
Սատանան Աստուծոյ դիրքն ու պատիւը յափշտակել ուզեց (Տես՝ Եսայի 14.14), իսկ առաջին մարդը Սատանային դրդումով՝ աստուածանալու ձգտեցաւ եւ մեղքի մէջ ինկաւ (Տես՝ Ծնն 3.5-7)։
Երկինքի մէջ Սատանան հպարտացաւ եւ անկումի ենթարկուեցաւ, իսկ երկրի վրայ մարդը հպարտացաւ եւ Աստուծոյ ներկայութենէն հեռացաւ։ Քրիստոս աշխարհ գալով կամաւորաբար ինքզինք աստուածային «Պատիւէն մերկացուց՝ ծառայական մեր բնութիւնը իր վրայ առնելով…»։ (Փլպ 2.7) Առաքեալին բառերով՝ «Ինքզինքը խոնարհեցուց» (Փլպ 2.8): Քրիստոս Իր խոնարհութեան շնորհիւ մարդացաւ։ Ան չդադրեցաւ Աստուած ըլլալէ, բայց ժամանակաւորապէս Իր աստուածային փառքէն մերկացաւ, ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոս Իր աստուածային փառքին մասին անդրադարձ կատարեց քահանայապետական աղօթքին մէջ ըսելով.«Եւ այժմ, ո՛վ հայր, փառաւորէ՛ զիս այն փառքով, որ ունէի քու հետդ աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ» (Յհ 17.5):
Հպարտութեան անձնատուր եղողը հարցերը կը բարդացնէ, մեղքի որոմը կը ցանէ, քմահաճ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ, խռովութիւն կը սերմանէ, չարախօսելու ենթահող կը պատրաստէ, եւ որեւէ հաշտարար միջամտութիւն խստիւ կը մերժէ՝ անհիմն պատրուակներ փնտռելով։
Հպարտութիւնը մոլութիւն է, պիղծ կուռք մը, որ կը տրտմեցնէ Սուրբ Հոգին։ Մեր եկեղեցւոյ «Խոստովանանք»-ին մէջ յատուկ բաժին վերապահուած է եօթը մահացու մեղքերու, որոնցմէ առաջինն է հպարտութիւնը։ Պատահական չէ այս դասաւորումը։ Իրականութեան մէջ հոգեւոր անկումներուն, բարոյական սայթաքումներուն եւ նոյնիսկ աղանդաւորական շարժումներուն արմատը հպարտութիւնն է։
Քայքայուած ընտանիքներուն եւ այլասերած ընկերութեան  մէջ սովորաբար եսն է էականը, հաճոյքն է տիրականը, ցանկութիւնն է ուշագրաւը, անձնական շահն է գերադասը, ինքնագլուխ ըլլալն է առաջնահերթը։ Ուստի հպարտութիւնը աւերիչ ներկայութեամբ Աստուած-մարդ, մարդ-մարդ յարաբերութեան ընթացքը խանգարած է։
Իսկապէս ճշմարտաշունչ է իմաստունին հետեւեալ հաստատումը թէ. «Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութեան ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ» (Առակաց 16.18)։
Հպարտ մարդը իր իմաստութեան կը վստահի։ Խորհրդակցելու տրամադրութիւն եւ լսելու կամեցողութիւն չունենար, կը լսէ միայն երբ զինք մեծարող ըլլայ։ Այլ խօսքով, փառքի մուրացկան է հպարտը։ Տարօրինակ վիճակ մը, որ հաւատքը ընդգրկելու արգելիչ պատճառներէն է։
Առիթով մը Քրիստոս իր հակառակորդ ամբոխին ըսաւ. «Ինչպէ՞ս ինծի պիտի հաւատաք, երբ դուք իրարմէ փառաբանութիւն կ’ընդունիք» (Յհ 5.44)։
Հպարտ մարդը ինքնահաճոյ է իր ապրելակերպով, իսկ խոնարհը՝ աստուածահաճոյ։ Խոնարհութիւնը Քրիստոսի նմանելու լուսաշող ճանապարհն է, իսկ հպարտութիւնը անիրաւութեան գործիք ըլլալու կը ծառայէ։ Ս.Օգոստինոս խոնարհութեան մասին խօսելով իր մտորումներուն մէջ կ’ըսէ. «Տես ծառը։ Ան վարէն կ’աճի եւ յետոյ վեր կը բարձրանայ։ Արմատները հողին մէջ են։ Ծառը կրնա՞յ վեր բարձրանալ եթէ չվստահի իր արմատներուն, որոնք հողին մէջ են»։
Ապա իր աղօթքին մէջ կ’ըսէ.«Ով Տէր, դուն լոյսն ես, իսկ ես՝ լուսաւորուած ճրագը։ Ինչ որ կը լուսաւորուի ենթակայ է մարելու։ Պիտի մերժեմ հպարտութեան հովը, որովհետեւ կը վախնամ ճրագս մարի…։ Կը խոստովանիմ խաւար ըլլալս։ Ուրեմն հարկ է որ մանկանամ, խոնարհիմ եւ չհպարտանամ»։
  12-րդ դարու նշանաւոր եկեղեցականներէն՝ Սարգիս Շնորհալի Վարդապետ «Փշռենք Մեր Կուռքերը» վերնագիրը կրող հոգեշահ քարոզին մէջ կ’ըսէ. «…Բոլորէն աւելի ուրիշ չար կուռք մըն է ամբարտաւանութիւնը, որով մարդիկ կը նմանին առաջին ամբարտաւանին՝ սատանային, որ երկինքէն երկիր խոնարհելով կործանեցաւ, որովհետեւ այդպիսիները բարձր կ’որոտան իրենց նմաններուն վրայ, իրենք զիրենք իբրեւ զԱստուած կարծելով կ’ապաստանին իրենց շնորհքին, բազուկի զօրութեան եւ Աստուած բնաւ օգնութեան չեն կանչեր հոգեւոր կամ մարմնաւոր գործերու համար»։
Հպարտանալու իրաւունք չունինք, քանի մահկանացուներ ենք, մեղապարտ, հողեղէն արարածներ, ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատող պանդուխտներ, հիւանդութեան ենթակայ մարմիններ ունինք, փորձութեան կը մատնուինք, նոյնիսկ օրուան ընթացքին պատահելիքներէն անտեղեակ ենք…։ Իրաւունք ունինք պարծենալու Քրիստոսի խաչով, ինչպէս Պօղոս առաքեալի համար պարծանքի առարկայ էր խաչը։ Հպարտացողը մերժած կ’ըլլայ խաչը կրել, այսինքն հնազանդիլ, համբերել, անձնուրաց ծառայել, բարիք սերմանել, զոհողութիւն յանձն առնել, եւ արքայութեան հասնելու սիրոյն հաւատքի բարի պատերազմը մղել։
Հետեւաբար Երեմիա մարգարէին ձայնակցինք ըսելով. «Ով որ կը պարծենայ՝ թող Տիրոջմով պարծենայ» (Եր 9.24)։
Մարգարէաշունչ այս խօսքերէն տպաւորուած առաքեալը ըսաւ. «Իսկապէս ընտրուածը ան չէ՛ որ ինքզինք կը գովէ, այլ ան՝ որ Տիրոջ կողմէ կը գովուի» (Բ.Կր 10.18)։
Հպարտութեան մոլութիւնը թափանցած է արագընթաց կերպով։Զինուինք խոնարհութեամբ։ Հաւատքի վկաները խոնարհաբար ապրեցան, եղան Աւետարանի ձայնին արձագանգները։
Կաթիլ մը հպարտութիւն անթիւ չարիքներու հոսանքի կը վերածուի։ Հարկ է զգուշանալ այս մահացու մեղքէն։ Աստուծոյ շնորհքին դէմ իր սրտին դուռը փակող է հպարտը։
Իսկ դուն դուռդ կը բանա՞ս, սիրելի՛ բարեկամ։ Տակաւին առիթ կայ…
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան