Պատերազմը անմարդկային, անբարոյական արարք է:
Ո՛չ, պատերազմ սկսիլն է անմարդկային եւ անբարոյական, ո՛վ որ ալ ըլլայ սկսողը, ի՛նչ պատճառներով ալ սկսած ըլլայ պատերազմը, որովհետեւ սպասելի է, որ մարդկութեան զարգացումի ա՛յս հանգրուանին, մարդիկ, մանաւանդ երկիրներու ղեկավարներ, որոնք ինձմէ-քեզմէ աւելի խելացի են, կարենան երկխօսութեամբ հարցերը լուծել. այլապէս, երբ երկիր մը յարձակումի ենթարկուի, անշո՛ւշտ որ պիտի պաշտպանէ ինքզինք եւ … պատերազմը կը դառնայ անխուսափելի:
Այսքանը թերեւս քանի մը դար առաջ էր, երբ երեւոյթները շատ աւելի պարզ էին, քան հիմա: Հիմա ամէն բան այնքան բարդացեր է, որ մենք, ժողովուրդ կոչուածս ա՛լ բան չենք հասկնար:
Կար ժամանակ, երբ պատերազմը իբր թէ ժողովուրդին խաղաղ կեանք մը ապահովելու համար էր. արդէն առածի կարգ անցեր է՝ «Խաղաղ կեանքի համար պէտք է պատերազմիլ»-ը:
Որքան ալ ժողովուրդին համար ըլլար սակայն, նոյն այդ ժողովուրդն էր, միա՛յն այդ ժողովուրդն էր, որ կը զոհուէր:
Այսօր ամէն բան փոխուեր է, բարդացեր է աւելի. միայն մէկ բան մնացեր է անփոփոխ եւ կը կրկնուի նոյնութեամբ՝ ժողովուրդին զոհուիլը:
Կարծես չեն բաւեր գործարաններէն դուրս խուժող կազերուն հետեւանք կլիմայական փոփոխութիւնները, որոնք ցունամիներու եւ հեղեղներու պատճառ կը դառնան եւ անթիւ-անհամար զոհեր կը խլեն, երկրաշարժներն ու հրաբուխները, որոնք քանի մը վայրկեանի մէջ երկար դարեր կանգուն մնացած կառոյցներ եւ քաղաքներ հիմնայատակ կը քանդեն, կարծես բաւարար չըլլային համավարակներն ու համաճարակները, մարդ արարածը պէտք է նաեւ տոկայ ու դիմանայ պատերազմներուն, որոնք անհասկնալի շահեր կը պաշտպանեն եւ անմատչելի հաշիւներով կը գործեն:
Վերջերս մէջտեղ նետուած էր վարկած մը, որ կ’ըսէր թէ աշխարհի վրայ ապրող մարդոց թիւը այնքան բարձրացած է, որ միայն բնական աղէտներով մահերը բաւարար չեն, պէտք է նաեւ համաճարակներ եւ պատերազմներ ստեղծել, որ երկրագունդը… չպայթի:
Երկար-երկար կը մտածեմ եւ կարճ խելքովս կը հասնիմ այն եզրակացութեան, որ եթէ պատերազմներուն եւ անոնց ընթացքին օգտագործուող զինամթերքին տրուած հսկայ նիւթականը տրամադրուէր կարելի լուծումներ գտնելու համար բազմացող մարդոց չբաւելիք ցորենին, ուտեստին եւ ջուրին, շատ հաւանաբար կարելի ըլլար խուսափիլ պատերազմներէն եւ աշխարհը դարձնել ապրելու համար իրապէ՛ս աւելի հաճելի եւ աւելի հանգիստ վայր մը:
Ունինք փոքրաթիւ բայց յստակ օրինակներ, երբ անապատին մէջտեղ բուսած երկիր մը կրցած է ոչ միայն ապրելի դարձնել անապատը, այլ հմայիչ կերպով ընծայել զայն թէ՛ հոն աշխատողներուն, թէ՛ զբօսաշրջիկներուն:
Ընթերցողը հիմա պիտի մտածէ՝ բայց որքա՜ն միամիտ ես: Թերեւս միամիտ եմ, սակայն լաւ գիտեմ, որ այս բոլորը կը կատարուին ոչ թէ երկրի մը ապահովութեան եւ բարօրութեան համար, բայց «Ես»-ին համար, որուն տիրապետութիւնը իրապէ՛ս անհակակշռելի է, երբ տիրէ մարդ արարածի հոգիին:
Քաղաքագէտները, տուեալ պահուն իշխողները եւ նման պաշտօններ ունեցող մարդիկ (յաճախ փոքր, բայց միջավայրին մէջ մեծ թուացող պաշտօններ ունեցողները նաեւ)  իրապէ՛ս կարճ յիշողութիւն ունին, որովհետեւ բոլորն ալ հակամէտ են մոռնալու կեանքին գերագոյն ու թերեւս միակ ճշմարտութիւնը՝ մահը, որ ո՛չ մէկ հակակշռի կարելի է ենթարկել. կը մոռնան եւ այնպիսի կիրքով կը լծուին պատերազմներ հրահրելու, որ կարելի է միայն զարմանալ:
Բայց կեանքը ճատրակի խաղ մըն է, ուր ուղեղը աշխատցնողը կը շահի, անկախ անկէ թէ իր խաղը մարդկայի՞ն է, թէ ոչ:
Եւ այսպէս, կամաց-կամաց կը վերածուինք բանի մը, որ շա՜տ հեռու է «Եւ Աստուած ստեղծեց մարդը իր պատկերին համաձայն»-էն, մեծերը իրենց խաղալու կիրքին, փոքրերը՝ իրենց տառապանքին սաստկութեան տակ:
Այստեղ կրնայի մէջբերել նաեւ «Բնութիւն»-էն հատուածներ, բայց անկեղծօրէն կը զգամ, որ ի զուր են խօսքերը, որոնք կրկին առատացեր են. բոլոր ԶԼՄ-ները կը խօսին ազդարարութիւններու, սպառնալիքներու եւ պատիժներու մասին, բայց որոնք բոլորը կը մնան խօսք, ապարդիւն խօսք:
Արդեօ՞ք կեանքի օրէնքն է նաեւ, որ ամէն երկիր եւ ամէն ժողովուրդ կրէ իր ճակատագիրը, իրեն հասնելիք տառապանքը, ապա շարունակէ իր երթը:
1975-էն ի վեր ականատես ենք տարբեր պատերազմներու, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ՝ Լիբանան, Պարսկաստան, Կիպրոս, Սուրիա: Հիմա՝ Ուքրանիա: Տակաւին չենք խօսիր անհատոյց մնացած դատերու եւ անպատիժ մնացած ոճիրներու մասին:
Ինչպէ՞ս պիտի շարունակենք երթը որպէս Մարդ:
Պարզապէս հաւատալով եւ յուսալով:
Մարուշ Երամեան