Ափսոս որ իմ ամենամեծ քրոջս անդրանիկ որդին՝ Վահէն մահացաւ Հալէպ, եւ ես Երեւան գտնուելով, չկրցայ իր հոգեհանգստեան եւ թաղումին մասնակցիլ եւ որպէս իր հարազատ մօրեղբայրը՝ ափ մը հող նետել իր գերեզմանին ու դամբանական երկու խօսք ըսել:
Վահէն եւ ես տարեկիցներ ենք եւ եղբօր նման մեծցեր ենք, նոյնիսկ մեր դէմքի նմանութիւնները երբեմն պատճառ դարձած են, որ մարդիկ շփոթեն մեզ: Պայմանները այնպէս մը դասաւորեցին, որ ընտանեօք փոխադրուին Գամիշլի եւ մենք երկար տարիներ իրարմէ հեռու մնացինք, մինչեւ որ Պաքալորիայի տարին վերստին միացանք, երբ ինք եկաւ Հալէպ եւ դարձաւ ԱՔԵ Ճեմարանի աշակերտ: Իր նման աշխատասէր աշակերտ քիչ կը գտնուէր։ Փոքր տարիքէն ցոյց տուած էր իր իւրայատուկ նկարագիրը, յատկապէս կարգապահական եւ նպատակասլաց իր աշխատասիրութեամբ:
Որոշած էր բժշկական ասպարէզին նուիրուիլ, եւ դեռ երկրորդականի աշակերտ, ամրան արձակուրդներուն Գամիշլիի մէջ իր հօրեղբօր՝ սիրուած մասնագէտ անուանի բժիշկ Սեպուհ Սիսեռեանի դարմանատունը կը յաճախէր կ’օգնէր անոր ու կը սորվէր անկէ։ Բան մը, որ շատ օգտակար եղաւ իր համալսարանական ուսման ընթացքին:
Ճեմարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք,  քանի մը ընկերներով որոշեցին Իտալիա երթալ եւ իրենց համալսարանական ուսումը հոն ստանալ: Որոշեցին եւ գացին: Վահէին ծնողքը, իրենց համեստ եկամուտով ի վիճակի չէին իր ծախսերը հոգալու, սակայն Վահէն որոշած էր ի գին ամէն զոհողութեան, ընկերներէն ետ չմնալու: Առաջին տարին ինչպէս անցուց Փարմայի համալսարանին մէջ, միայն ինք գիտէ: Ամառները ընկերներուն նման ծնողները տեսնելու համար չեկաւ, հոն մնաց ու աշխատեցաւ Իտալիոյ բանջարանոցներուն մէջ լոլիկ հաւաքելով, որպէսզի կարենար յաջորդ տարուան        ուսումնական թոշակը ապահովել:
Այսպէս, ուսման տարիները աւարտեց, եղաւ մասնագէտ հոգեբոյժ, վերադարձաւ Լիբանան եւ շրջան մը աշխատեցաւ Պէյրութի հոգեբուժարանին մէջ, իբրեւ օգնական անուանի հոգեբոյժ Տոքթ. Մանուկեանին: Այնտեղ ալ բաւական հարուստ գիտաբժշկական փորձառութիւններ կուտակելով, վերադարձաւ Սուրիա եւ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Հալէպ, ուր բացաւ իր առաջին դարմանատունը եւ առաջին իսկ օրէն շահեցաւ բոլորին համակրանքն ու յարգանքը:
Բազմազբաղուածութիւնը պատճառ չեղաւ, որ չմասնակցի ազգային-հասարակական գործունէութեանց: Եղաւ Ազգ. Իշխանութեան զանազան մարմիններուն մէջ, դարձաւ շքանշանակիր, եղաւ Ճեմարանի խնամակալութեան ատենապետ եւ տարիներով ծառայեց:
Հետաքրքրական գաղափարներ ունէր, որպէս պրպտող միտք, մտածող էր, իսկական մտաւորական: Իր  մասնագիտութեան զուգահեռ կը սիրէր գրականութիւնը, շատ ընթերցասէր էր, գրական փորձեր կատարեց, հայերէն, թէ՛ արաբերէն, եւ տեղացի բժիշկ-գրագէտի մը հետ հեղինակեց սուրիական քանի մը բազմաօղակ ֆիլմերու նիւթեր:
Մէկ խօսքով, բովանդակալից կեանք մը ունեցաւ եւ անժամանակօրէն անողոք ախտի մը զոհ գնաց: Լսեցի, որ ազգային թաղումի արժանացած է, իսկապէս արժանի էր: Շնորհակալութիւն Սրբազան հօր եւ Ազգային իշխանութեան:
Երկնային Հանգիստ իր հոգւոյն: Յիշատակն արդարոյն եղիցի օրհնութեամբ:
Յակոբ Միքայէլեան