4 Օգոստոս 2020, ժամը շուրջ 7:00:
Պէյրութի նաւահանգիստի ահեղ պայթումին ցնցումը կարծես կը յամենայ էութեանս մէջ՝ ֆիզիքապէս ու հոգեպէս, կը կարծեմ, թէ ուժգին կը դողամ, թէեւ անշարժ, անխօս ու սահմռկած նստած եմ: Ա՛լ չեմ համարձակիր բարձրաձայն հարցնել, թէ եղածը իրակա՞ն է, բայց տակաւին իրական-անիրականի ներքին պայքարը կը խռովէ միտքս ու հոգիս: Եթէ աչքերս լաւ բանամ, արդեօք այս ահաւոր երազէն կ’արթննա՞մ, կամ՝ եթէ աչքերս լաւ փակեմ, արդեօք այս ահաւոր ֆիլմը վերջ կը գտնէ՞…
Բայց իրականը տիրական է, թէեւ կը փորձեմ կառչիլ անիրականին, որ կամաց-կամաց ու պարտադրաբար կ’անհետանայ արդէն եւ կը փոխարինուի դառն ու մարդու երեւակայութեան մէջ իսկ չտեղաւորուող իրականով, որ ամէն տեղ է, համատարած, Պէյրութի շարժուն եւ անշարժ իւրաքանչիւր մասնիկի վրայ, 4 Օգոստոս 2020-ին,   երեկոյեան ժամը 6:04-ին Պէյրութի եւ մերձակայ շրջաններուն մէջ գտնուող ամէն մարդու ու ամէն իրի վրայ անխտիր (տարբեր տարողութեամբ), ի՛մ իսկ արիւնոտ մարմնիս վրայ:
Քեռայրիս ինքնաշարժով կը շարունակենք «թիավարել» մարդկային ողբերգութեամբ փոթորկոտ ծովուն մէջէն, կարմիր ծովուն… Մերթ կը նայիմ պատուհանէն ներս՝ կողքիս նստած (այս անգամ ալ կողքիս է) եղբօրս, որուն աչքին քովէն արիւնը կը ծորի անդադար, եւ որուն ականջը ամբողջովին այլանդակ վիճակ մը ստացած է հոն խրած փայտին ճնշումէն, մօրս, որուն վիզին խոր վէրքերէն արիւն կը ժայթքի, իսկ ինք եղբօրս տուած անձեռոցով կը ճնշէ անոնց վրայ, որպէսզի արիւնահեղութիւնը թեթեւնայ, քեռայրիս, որ խելօքի ու խելագարի խառնուրդի վերածուած է՝ մեզ ամէնէն մօտիկ հիւանդանոցը հասցնելու անյոյս, սակայն վճռական հեւքով եռացող, եւ որ ինքնաշարժի, նաեւ կեանքի ղեկը միշտ իր տիրապետութեան տակ պահել կը փորձէ:
Յանկարծ կայծակնային հարցում մը կը փայլատակէ մտքին մէջ, երբ եղածին իրական ըլլալը այլեւս կը ճնշէ գիտակցութեանս վրայ. չէ՞ որ մենք երեք չէինք, այլ չորս…
– Տեսի՞լը,- կը պոռամ,- Տեսիլը ո՞ւր է:
– Տեսիլը լաւ է, բան չունի, փոքր վէրքեր միայն, հօրեղբօրը հետ տուն գնաց,- կ’ըլլայ եղբօրս արագ ու հանդարտեցուցիչ պատասխանը:
Խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն մը կը պատեն հոգիս, փա՜ռք հրաշագործ Աստուծոյ:
Պատուհանէն ներս պարզուած ահաւոր պատկերը վանելու համար կը նայիմ դուրս… Աստուա՜ծ իմ, մէկը թող բացատրէ՝ ի՛նչ եղաւ, մէկը թող տեղեկացնէ եղելութեան իսկութիւնը, ինչո՞ւ ամէն ինչ քանդուած է, ինչո՞ւ բարձր շէնքերուն մուտքէն մինչեւ ամէնէն վերեւի յարկերու ապակիները չկան, քարուքանդ է ամէ՛ն ինչ, ինչո՞ւ աչքիս դիմաց յայտնուած ամէն մարդ վիրաւոր է, ամէն մարդ արիւնլուայ է, մարդիկ ինչո՞ւ աննպատակ աջ ու ձախ կը վազեն՝ փորձելով գտնել զիրենք ամէնէն մօտիկ հիւանդանոցը փոխադրող փրկիչ մը…  Ճիշդ է՝ ամէն մարդ վիրաւոր է, միեւնոյն ատեն ալ՝ ամէն մարդ փրկիչ է. այդ օրը, այդ պահերուն, ամէնէն անմարդկային կացութեան մէջ մարդկային ամէնէն նուրբ զգացումներն ու յատկութիւնները ուրուագծուեցան, երբ նուազ վիրաւորը՝ իր վէրքը մոռցած, ձեռք երկարեց ծանր վիրաւորին, երբ քաղաքացիներուն ինքնաշարժները, մոթորսիքլեթները, նոյնիսկ ուսերը վերածուեցան հիւանդատարներու, երբ աղիողորմ ճիչեր լսող թեթեւ վիրաւորները փութացին փրկելու փլատակներուն տակ տակաւին կեանքին կառչած հոգիներ…
Հաւանաբար առաջին անգամ ըլլալով վիրաւորը մօտիկ հիւանդանոց փոխադրելու հասկացողութիւնը տարբեր էր, մօտիկ հիւանդանոցները իրե՛նք քարուքանդ էին արդէն, իրենց յարկին տակ, ուր մարդ ամէնէն աւելի ապահով կրնայ զգալ, հիւանդապահներ ու հիւանդներ իրենց հոգին աւանդեցին, նաեւ հոն փութացած էին արդէն մօտիկ շէնքերու վիրաւորները…
– Տեղ չկա՛յ, չէ՛ք կրնար մտնել, արդէն խճողուած է շտապ օգնութեան բաժանմունքը…
– Բայց ծանր վիրաւորներ ունիմ,- կը պոռար քեռայրս՝ մեզ մատնացոյց ընելով:
– Տեղ չկայ, չեն կրնար խնամել,- նախադասութեամբ հիւանդանոցներու պահակները մէկը միւսին ետեւէն կ’անհետացնէին մեր յոյսի նշոյլը, որ կ’երեւար, երբ մեծ դժուարութիւններէ, խճողումներէ, գոռում գոչումներէ ետք հասնէինք մօտիկ հիւանդանոցներէն մէկուն դուռը:
Իրերայաջորդ եւ ընկճող «տեղ չկայ, չենք կրնար ընդունիլ»-ները կը բազմանային, իրենց ձեռքերով հեռուէն իսկ մերժումի նշաններ ընողներուն պատկերները կ’աւելնային, բայց «տեղ կա՛յ»-ն լսելու պայքարը կը շարունակուէր, տեղ մը յոյս ու լոյս մը պիտի երեւէր ի վերջոյ, եւ այդ լոյսը ծագեցաւ Մար Եուսէֆ հիւանդանոցին մօտերը, երբ մեր կողքին կանգնած ինքնաշարժէ մը կին մը (աւելի ուշ պիտի գիտնայի, թէ սիրելի բարեկամ մըն էր, որ ճանչցած էր մեզ, սակայն մենք այդ պահուն չնկատեցինք անոր ինքնութիւնը) պոռաց, որ ալ չթափառինք եւ երթանք Ապու Ժաուտէ հիւանդանոց, ուր հասանք կայծակի արագութեամբ, եւ որուն դրան առջեւ տարեց հիւանդապահուհի մը մեզ ներս առաջնորդեց:
Ներս… Որքան ձգտեցանք, որ մեզ ներս առնեն, բայց այդ ներս մտնելն ալ ինքնին ահաւոր ու սարսափելի նոր ժապաւէն մըն է կարծէք՝ նախորդին զուգահեռ ընթացող. «արեան ծով» բառակապակցութիւնը լսած էի յաճախ՝ երգի ընդմէջէն, բայց չէի գիտեր, որ իրական աչքերովս կրնամ տեսնել այդ կարմիր ծովը, որ գոյացած էր հիւանդանոցի մուտքին, անցքերուն մէջ, շտապ օգնութեան բոլոր սենեակներու յատակին, ուր վիրաւորներ կը տնքային, մահամերձներ կը փորձէին բռնել կեանքի թելը, ուրիշներ արդէն այնքան ցաւեր ու խոր վէրքեր ունէին, որ իրենք  կը փորձէին անջատել այդ թելը ու հանգստանալ… Հիւանդատարներու ահեղ ճիչը, իրենց զաւակները փնտռող ծնողներուն աղաչանքը, իրենց հարազատը հիւանդանոց հասցնել յաջողած, սակայն անոր կեանքին աւարտին վկայածներուն  ողբը, հիւանդապահներուն հեւքը՝ կեանք մը աւելի փրկելու, իրենց ուշադրութիւն դարձնելու պաղատանքով բժիշկներուն թախանձողներուն շիջելու մօտեցող ձայնը, անբնական ու քաոսային իրարանցում մը կը լեցնեն միջոցն ամբողջ, աղիողորմ ձայներու միացումով ողբերգական եղանակ մը կը նուագուի կարծէք ոչ մեծ սրահին մէջ, ուր եղբայրս ինծի եւ մօրս նստելու տեղ կը դասաւորէ դժուարութեամբ, իսկ ինք մեր կողքին կը կանգնի:
– Իրարանցումի մէջ նկատեցի, որ հուժկու երիտասարդ մը կանգնած է ձեր կողքին, յստակ էր, որ դուք վիրաւոր էիք, սակայն այդ երիտասարդին ներկայութիւնը անտեղի նկատելով՝ ձեռքս երկարեցի ուսին, որպէսզի խնդրեմ, որ դուրս ելլէ, որովհետեւ մեր մնայուն ճիգն էր վիրաւորներէն բացի ոչ ոք պահել ներսը եւ տեղ բանալ նոր վիրաւորներու: Ձեռքս օդին մէջ մնաց, երբ երիտասարդը դարձաւ իմ կողմս, եւ նկատեցի փայտի կտոր մը՝ անոր աչքին քով, աւելի մօտեցայ տեսնելու իսկական պատահարը եւ մեծ զարմանքով նկատեցի, որ փայտը մուտք գործած էր հոնկէ եւ դուրս ելած ականջին մօտէն… Կարծես բոլոր վիրաւորները մոռցայ, նայեցայ կրկին այդ ահաւոր պատկերին, որուն դիմաց անկարող զգացի, ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս օգնել, նման բան տեսնուած չէր…
Այս մասին ամիսներ ետք պատմեց 4 Օգոստոսի երեկոյեան նոյն հիւանդանոցին մէջ եղբօրս տեսած հիւանդապահուհին, որ մէկն էր այն բազմաթիւ հիւանդապահներէն եւ բժիշկներէն, որոնք իմ ու մօրս վէրքերը ստուգելէ եւ՝ «պիտի սպասէք, մահացու պարագայ չէք» ըսելէ ետք ապշահար պիտի նայէին եղբօրս եւ պարզապէս անկարողութեան արտայայտութեամբ մը իրենց գլուխը աջ ու ձախ պիտի օրօրէին՝ փութալով օգնելու այլ վիրաւորներու, որոնց հարցերուն լուծման իրենք կը տիրապետէին, իսկ եղբօրս՝ ո՛չ:  Բայց ժամանակը կը սահէր, օրօրուող գլուխներն ու յուսահատ նայուածքները կը ճնշէին՝ առանց լուծման մը յուշը հանդիսանալու:
– Բաղնիք պիտի երթամ,- կ’ըսեմ յանկարծ եւ կ’ուղղուիմ մեզմէ ոչ հեռու գտնուող լուացարանը:
Քիչ անց դուրս կ’ելլեմ եւ գլխիկոր կը սկսիմ ուժգին լուալ ձեռքերս, անընդհատ մաքրել արիւնները եւ գոհունակ զգալ, որ ջուրը իրեն հետ կը տանի մութ կարմիր հետքերը: Ձեռքերս լաւ մը լուալէ ետք կը բարձրացնեմ ծանրացած գլուխս… Անհաւատալի եւ աննկարագրելի պատկեր մը կայ հոն՝ հայելիին մէջ, ինծի նմանող, սակայն ինծի անծանօթ անձ մը… առանց դոյզն իսկ խանգարուելու, ուրանալով տեսածս՝ կրկին կը բանամ ջուրը եւ զայն առատօրէն կը հոսեցնեմ մատներս ի վար՝ փորձելով այդ հոսքին հետ ջնջել ամէն ինչ…
– Փորձէ դէմքդ ալ լուալ, որպէսզի կարենանք աւելի դիւրին ճշդել պատռուածքները եւ դիւրութեամբ կարել…
Դժգոհ նայուածքս կ’ուղղեմ կողքիս կանգնած սպիտակազգեստ կնոջ՝ ներքուստ մերժելով իր խնդրանքը գործադրել եւ կրկին հայելիին նայիլ: Քանի մը վայրկեան սառած մնալէ ետք, արիւնոտ եւ կիսով բացուող աչքերս կրկին կ’ուղղեմ հայելիին… Այո՛, ես եմ, դէմքս է, քիչ մը տարբեր, այլանդակուա՞ծ, քանակոծուա՞ծ… պայթումին կարմիր հարուածը տակաւին հոն է՝ դէմքիս իւրաքանչիւր միլլիմեթրին վրայ: Ծանր ձեռքս բարձրացնել յաջողելով՝ ափս կը տանիմ խորտուբորտ դէմքիս, ջուրով անպայման աւելի լաւ պիտի ըլլայ ամէն ինչ. բայց ինչո՞ւ ափս լեցուած ջուրը դէմքս մաքրելու տեղ ինք անընդհատ կը կարմրէր՝ ճերմակ լուացարանն ալ կարմրցնելով, ինչո՞ւ դէմքէս արիւնը հեռացնելու եւ կրկին մորթս գտնելու փորձերս անընդհատ կը ձախողին: Իրականութիւնը մաքրելու կարճատեւ ճիգս ամբողջութեամբ ապարդիւն կ’ըլլայ, եւ հայելիէն ինծի նայող ծանօթ-անծանօթ դէմքը կը շարունակէ դիտել անճարակութիւնս, անկարողութիւնս՝ զինք կրկին բնական վիճակին վերադարձնելու…
– Նորա՛, ես պիտի երթամ վիրահատութեան, բջիջայինս դուն ա՛ռ, հոս ապահով կը մնաք մամային հետ, չէ՞…
Եղբայրս էր, որուն վիճակին վերաբերող վճիռը տրուած էր արդէն, տեղ ապահովուած էր վիրահատութեան սենեակը, եւ զինք կ’ուղարկէին վեր: Լաւ էր, որ ժամ առաջ այդ տախտակը դուրս պիտի գար անոր գլուխէն, բայց մեր վիճակը չէր ներեր անոր ընկերակցելու, իսկ ինք նման դժուար վիրահատութեան առանձի՞նը պիտի երթար… Պիտի բաժնուէի՞նք մենք, որ յատկապէս նման դժուար պահերու միշտ միասին ըլլալու սովորութիւն ունէինք…  Սրտէս կտոր մը իրեն հետ առնելով կ’երթայ եղբայրս, որուն ոմանք զարմանքով, ուրիշներ այլայլած ու սարսափահար կը նայէին. առանձինը կը բարձրանայ աստիճաններէն դէպի վիրաբուժութեան բաժանմունք, իսկ ես ու մայրս կը մնանք շտապ օգնութեան բաժինին մէջ՝ ականատեսը ըլլալով կեանքի ու մահուան պայքարին, ահաւոր ու աննկարագրելի պատկերներու, մարող յոյսերու եւ ընդհատուող կեանքերու… Լուռ էինք, խօսքեր չկային ալ, նոյնիսկ չէինք համարձակեր հարցնել, թէ մեր կարգը ե՞րբ պիտի գար, չէ՞ որ սկզբունքով մահուան դէմ մեր պայքարը աւարտած էր գրեթէ…
————————————————————
– Ե՛լ, տուն երթանք, ցաւին կը դիմանամ մինչեւ առաւօտ, այն ատեն վիճակը հանդարտած կ՛ըլլայ, եւ կարելիութիւն կը ստեղծուի թեւիս հարցը լուծելու, քու վէրքերդ ալ մակերեսային են…
Գետինը նստած եւ ձախ ձեռքով աջ թեւը գրկած հայ ծերունի կին մըն էր, որ ամուսինը կը համոզէր, թէ իր վիճակը ծանր չէ, աւելի լաւ կ՛ըլլար, որ մեկնէին տուն: Այսպէս ալ ըրին, խեղճերը դժուարութեամբ ոտքի կ՛ելլեն՝ մէկզմէկու օգնելով ու դուրս կու գան այս խառնարանէն:
Քիչ անց մայրս ալ կը ստիպուի գետին նստիլ, որովհետեւ մեր նստարանը կը տրամադրենք ապակիներէ անդամահատուած երիտասարդուհիի մը. բայց գետինն ալ ապահով չէր, անցնող դարձողներ կը կոխկռտէին անոր ոտքերուն: Կը բռնեմ ձեռքէն եւ զայն կը տանիմ բաղնիք, ուր գտնուող աթոռը յարմար կը նկատեմ՝ մօրս որոշ հանգիստ տալու: Քիչ անց կու գայ հիւանդապահուհին, կրկին կը քննէ մեր վէրքերը, մօրս արիւնաթաթախ հագուստը կը հեռացնէ մարմնէն, որպէսզի ստուգէ, թէ վիզէն ու դէմքէն զատ այլ տեղեր վէրքեր, պատռուածք ունի՞.
– Հագուստը պէտք է հանենք, մէկը թող տուն երթայ եւ նոր հագուստ բերէ իրեն,- խօսքը ինծի կ՛ուղղէ ան:
– Տո՛ւն, ի՞նչ տուն, գնա՛ ու տե՛ս, եթէ տակաւին տուն կայ…
Արագ պատասխանողը մայրս էր՝ արցունքոտ աչքերով, հիւանդապահուհին շուտով չ՛ընկալեր ուղղած հարցումին ետին թաքնուած ամբողջ ողբերգութիւնը:
– Քարուքանդ է,- կը փսփսամ:
– Լա՛ւ, լա՛ւ, մի՛ մտահոգուիք, ես հիւանդի յատուկ զգեստ կը բերեմ հիմա իրեն,-  կը շշնջայ ան՝ կարծէք փորձելով նման հարցում ուղղած եւ մեր ապրած մղձաւանջին մէկ այլ դառն էջը բացած ըլլալուն մեղքը քաւել:
Այդպէս ալ կ՛ընէ, կը բերէ նաեւ անուաւոր աթոռ մը, որպէսզի մայրս հոն նստի, մանաւանդ որ արդէն սկսած էր գլխապտոյտ ունենալ եւ անհանգիստ զգալ՝ կորսնցուցած մեծաքանակ արեան իբրեւ հետեւանք:
Քիչ անց կը յանձնարարեն, որ ուղղուինք քովնտի սենեակը, կարգը արդէն հասած է մեզի: Երկար նստարանի մը ծայրը կը տեղաւորուիմ՝ միշտ ապահովելով, որ մայրս չհեռացնեն ինձմէ, առանձին չմնայ, թէեւ այս համատարած ցաւին ու ողբերգական վիճակին մէջ մեր մօտ փութացած լաւ ու անկեղծ ընկերներու եւ բարեկամներու ներկայութիւնը, հակառակ անոնց աչքերուն մէջ քարացած բացայայտ զարմանքին, յուզումին ու տխրութեան, յոյս ու գոհունակութիւն կը ներշնչէ, կը զօրացնէ, ապահովութիւն կը սերմանէ…
Կը դիտեմ բժիշկներն ու հիւանդապահները, որոնք անդադրում հեւքի մէջ են, կը փորձեն իրենց լաւագոյնը ընել՝ նուազագոյն կարելիութիւններով եւ ահաւորագոյն կացութիւններու մէջ: Բժիշկ մը՝ կցիչ մը ձեռքին, կը մօտենայ ինծի, կը հարցնէ, թէ շատ ցաւեր ունի՞մ, թէ կը դիմանա՞մ դէմքերուս վէրքերուն կցուելուն՝ առանց զգայազրկիչի… Պատասխանս, ի զարմանս նաեւ ինծի, կ՛ըլլայ դառն ժպիտ մը պարզապէս…
– Զգայազրկիչը սպառեցաւ պարզապէս, ատոր համար կը հարցնեմ,- կը բացատրէ բժիշկը՝ հիւանդապահուհիին յանձնարարելով, որ գտնէ գէթ որոշ չափով զգայազրկիչ, որպէսզի ձեռքիս բաւական մեծ վէրքը կարելու ատեն դիմանամ, նաեւ խորհուրդ կու տայ այլ բժիշկի մը օգնութեան դիմել:
Շուրջս կը դիտեմ, որպէսզի ուշադրութիւնս շեղեմ եւ չտեսնեմ, թէ ինչպէ՛ս կցիչը վիզիս, ձեռքերուս, ուսերուս յարաբերաբար փոքր վէրքերը կը փակէ, իսկ բժիշկը այդ աշխատանքը կը կատարէ այնքան պարզ ու արագ, որքան ես պիտի ընէի թուղթեր կցած պահուս:
Քիչ անդին զոյգ մը ինծի կը նայի, աղջիկը ոտքը ցաւցուցած կը թուի ըլլալ, իսկ երիտասարդը կը շոյէ անոր ձեռքը եւ կը փորձէ դէմքը ուղղել իր կողմը, որպէսզի ինծի նայելով՝ չազդուի, չյուզուի, աղջիկը յանկարծ կը փակէ դէմքը եւ կը հեռացնէ նայուածքը ինձմէ… Ուրեմն բաւական վախազդու վիճակի մէջ ըլլալու եմ… Միւս կողմը երկու տղաք՝ մէկը վիրաւոր, կրկին մեր կողմը կը նային եւ կը փորձեն մօրս ջուր եւ զովացուցիչ տրամադրել, որովհետեւ ան սաստիկ գլխապտոյտ կ՛ունենայ: Կողքիս՝ անդադար բողոքող եւ բարձրաձայն գոռացող կին մը, որուն ձեռքին վրայ հազիւ տեսանելի վէրքեր կան. մինչ երկու բժիշկներ կը փորձեն իմ վէրքերս փակել տարբեր ձեւերով, իսկ ես լռութեան մէջ թաթախուած ու ակռաներս սեղմած պարզապէս կ՛աղօթեմ, կ՛աղաչեմ, որ Աստուած ուժ տայ ինծի դիմանալու ցաւերուն, կինը կը շարունակէ իր ճչանութիւնը:
– Տե՛ս այս աղջկան վիճակը, ձայնը կը լսե՞ս, տե՛ս ու լուռ մնա՛ քու վէրքդ ոչինչ է իրենիններուն հետ բաղդատած,- կնոջ երեսին բարձրաձայն կը պոռայ կնոջ գանգատներէն ա՛լ զզուած բժիշկը՝ զիս ցոյց տալով:
– Տոկա՛ քիչ մըն ալ, կը փորձենք արագ աւարտել,- առողջ ձեռքս սեղմելով կը փորձէ ցաւերս թեթեւցնել այլապէս ցաւերս թեթեւցնելու անկարող բժիշկը:
Կը նայիմ իրեն, կցիչները հասած են դէմքիս, ճակատիս, աչքերս կ՛ուղղեմ այլ ուղղութեամբ եւ աղօթքս, չեմ գիտեր՝ ինչո՞ւ կը շարունակեմ արաբերէնով՝ կողքիս զգալով աստուածային զօրութիւն մը, որուն շնորհիւ կը դիմանամ…
Կ՛արձանագրեն մեր անունները, որպէսզի աւելցնեն պայթումէն վիրաւորուածներու երկար ցանկին, կը փորձեն ձեւով մը ծածկել վէրքերս եւ ապաքինում մաղթել:
Մօրս վէրքերուն կցուելէն-կարուելէն ետք կ՛ուղղուինք դուրս՝ երթալու քրոջս տունը, սակայն յանկարծ կը յիշեմ, որ մենք երեքով եկանք, սակայն հիմա եղբայրս մեզի հետ չէ.
– Եղբօրս քով պիտի երթամ, չե՛մ երթար տուն,- կ՛ըսեմ մեզի տուն տանելու եկած բարեկամիս, որ մեծ դժուարութեամբ կը համոզէ, որ ան վիրահատութեան մէջ է, չեմ կրնար տեսնել զինք, ոչ ալ մնալ քովը, այլ լաւագոյնը պիտի ըլլայ մօրս հետ ուղղուիլ քրոջս տունը:
Կրկին կը դիտեմ շուրջս, կը նայիմ ողբացողներուն, կեանք փնտռողներուն, դիակներ փոխադրող բեռնատարներուն, ուր մարդիկ իրենց հարազատները կ՛որոնեն… Տակաւին չեմ ըմբռներ՝ ի՛նչ եղաւ, այս անհաճոյ ֆիլմը տակաւին ինչո՞ւ կը շարունակուի…
Նորա Բարսեղեան