(Յակոբ Ժամկոչեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)
 
Բօթը հասաւ կայծակի արագութեամբ ու ցնցեց մեր ողջ էութիւնը: Տակաւին կանուխ էր մեկնելու, տաղանդաւոր ձեռքերդ ինչե՜ր պիտի ստեղծագործէին…
Հիմա քառասուն օրեր անցած են այդ դժբախտ օրէն, եւ տակաւին անհնար է հաւատալ, թէ մեկնած ես անվերադարձ… Ինծի կը թուի, թէ պատահածը երազ է…
 
Քոյրերով քեզ ճանչցած ենք որպէս Յակոբ քեռի, որ այնքան անբասիր ու մաքրամաքուր սիրտ ու հոգի ունէր: Քու գծագրութիւնները կենդանի փաստերն են ջինջ հոգւոյդ եւ բարի երազներուդ: Մանուկ հասակէդ սիրած ես գծել ու հետեւած ես գծագրութեան դասերու:
Առիթով մը, երբ «Սարեան» ակադեմիայի մէջ արուեստագէտ Գարզուին հարց տրուած է, թէ Յակոբ Ժամկոչեանը արուեստի խմորում ունի՞, Գարզու պատասխանած է. «Ոչ թէ խմորում ունի, այլ հաց ըլլալու մօտեցեր է»:
 
17 տարեկանիդ Հալէպի Ազգ. թանգարանէն ներս տուած ես անհատական առաջին ցուցահանդէսդ, որ ջրաներկի գործեր կ՚ընդգրկէր: Օրին բարձր գնահատուած է տեղւոյն մասնագէտ արուեստագէտներու կողմէ ու « Ջրաներկի Վարպետ» կոչած են քեզ:
 
Գծագրութեան եւ գեղանկարչութեան հանդէպ ունեցած սէրդ պատճառ դարձած է, որ բարձրագոյն ուսումդ շարունակես Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին (AUB) մէջ՝ ընտրելով ճարտարապետութեան – շինարարութեան ճիւղը:
 
Հեշտ չեղան ուսանողութեանդ տարիները, որովհետեւ այդ շրջանին ծայր առած էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը:
 
Բոլոր դժուարութիւնները քաջաբար յաղթահարեցիր ու գեղեցիկ եւ պայծառ օր մը վկայուեցար այդ համասարանէն՝ մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն առթելով ամբողջ գերդաստանիդ:
 
Բնաւորութեամբ հեզ եւ հանդարտ էիր, երբեւիցէ չէի լսած վատաբանութիւն ընելդ որեւէ անձի։ Բոլորին մէջ կը փորձէիր գտնել լաւ ու գնահատելի կէտ մը ու վատագոյն պարագային կ՚ըսէիր. «Չաշխատող Ժամացոյցին սլաքներն ալ օրուան մէջ երկու անգամ ժամը ճիշդ ցոյց կու տան…» :
 
Երբեք քեզ չէին շլացներ ո՛չ պաշտօնները եւ ո՛չ ալ տիտղոսները, իսկական տիպարն էիր արուեստագէտի: Ահաւասիկ այս պատճառով ալ չկրցար հանդուրժել շուրջդ գտնուող ցուցամոլութիւնները եւ անարդարութիւնները ու փակուեցար պատեանիդ մէջ, ստեղծեցիր քու երազած աշխարհդ:
 
Աշխատասենեակիդ մէջ չէր պակսեր դասական երաժշտութիւնը, որ հոգեւոր սնունդիդ աղբիւրը դարձած էր:
 
Դաշնամուր նուագած ատենդ կը տեսնէի, թէ ինչպէ՜ս վերացած կ՚ըլլայիր ու ստեղնաշարին վրայ մատներուդ թեթեւ հպումը կ՚արտացոլացնէին վճիտ հոգիդ եւ ապրումներդ։ Կ՚ուրախանայի, երբ մօրս հետ քառձեռն կը նուագէիր ու յետոյ իրարու նայելով աւարտած կը համարէիք այդ կտորը, մինչ մեծ հայրս ու մեծ մայրս սրտի անհուն բերկրանքով քաջալերական խօսքեր կը շռայլէին ձեզի։
 
Մեր հանդիպումները յաճախակի էին։ Չէ՞ որ մենք քու սիրելի քրոջ զաւակներն էինք։ Դուն եղար մեր առաջին ուսուցիչը եւ ճատրակ խաղալու օրէնքները մեծ համբերութեամբ օրեր շարունակ սորվեցուցիր մեզի։ Իսկ մեր աշակերտութեան տարիներու գծագրութեան վերաբերեալ գնահատականները, բոլորը անխտիր քեզի կը պարտէինք։ Երբ գիտութեան թէ քարտէզի մը գծագրութեան պարտականութիւնը ունենայինք, մեր տետրակները շալկած դիմացդ կը յայտնուէինք աղաչական դէմքերով, արդէն էջերը մաշեցուցած կ՚ըլլայինք բազմիցս գծելով ու ջնջելով. մինչ դուն մատիտի կամ վրձինի ընդամէնը քանի մը հարուածով, մեղմ ժպիտը դէմքիդ տետրակը մեզի կը յանձնէիր…
 
Քոյրերով շատ լաւ կը յիշենք այս մէկը։ Նախակրթարանի աշակերտներ էինք ու այդ տարի մեր ծնողքը Միացեալ Նահանգներ պիտի մեկնէր երկար ժամանակով։ Այդ առթիւ մեծ հայրս, մեծ մայրս եւ դուն մեր տուն եկաք բնակելու, որպէսզի մեր առօրեան չխանգարուէր: Մեծ հայրս ու մեծ մայրս մեր կենսական կարիքները հոգալու պատասխանատուներն էին, իսկ դուն մեր ուսուցիչը։ Ծո՜վ համբերութեամբ մեր քմահաճոյքներուն կ՚ենթարկուէիր եւ կը սորվեցնէիր մեր դպրոցական դասերը, ինչպէս նաեւ դաշնամուրի եւ սոլֆէժի դասերը։
Մենք սկսած էինք դասերը սորվիլ նստասենեակը, ցատկռտելով աթոռէ աթոռ … Ու դուն չէիր ուզեր մեզ նեղացնել եւ համաձայն էիր այս ձեւով դաս սորվեցնելու, նոյնիսկ մեծ մօրս ալ կը համոզէիր ըսելով. «Անոնք ալ այսպէս կրնան դաս սորվիլ, կարեւորը կը սորվին»։
 
Քեռի՛, չեմ գիտեր եթէ կը հաւատաս, մասունքի պէս պահած էի Պելճիքայէն բերած նուէրներդ ու մտովի կ՚ըսէի. «Գալ տարի պիտի սկսիմ գծել այս գունաւոր մատիտներով»: Ու «գալ տարի»ն եղաւ տարիներ…
 
Ժամադրութիւններդ կը յարգէիր ու պարտաճանաչ ձեւով ներկայ կը գտնուէիր Ռիթա հարսքոյրիկիս հետ մշակութային բոլոր ձեռնարկներուն եւ ցուցահանդէսներուն։ Հարկաւ անկէ ետք մեր առաջին իսկ հանդիպման, կարծիքներ կը փոխանակէինք։
Յաճախ մեր ձեռքէն բռնելով « Սարեան» ակադեմիա կը տանէիր եւ անպայման կը հանդիպէինք դասական երաժշտութեան սալիկներ ծախող Shadows խանութը:
 
Որքա՜ն կ՚ուրախանայիր անուանակոչութեանդ տօնին օրը, երբ բոլորս կը հաւաքուէինք ձեր տունը՝ նշելու համար Ս. Յակոբը, նոյնը կը պատահէր նաեւ Մայիս 18-ին` ծննդեանդ տարեդարձին օրը։
 
Վերջին անգամ, սակայն, երբ իրարու հետ կը խօսէինք, ինծի հարցուցիր թէ ե՞րբ Հալէպ պիտի գամ, ըսիր. «Մի՛ ուշանար, եկու՜ր …» :
Լուռ ու մունջ ապրեցար ամբողջ կեանքդ եւ այդպէս ալ անշշուկ հեռացար…
 
Հիմա երբ դուն երկինքէն մեզ կը դիտես, ես կը տեսնեմ բարի ժպիտդ եւ երբ կ՚անձրեւէ այս անգամ ե՛ս կը կրկնեմ քու մանկութեան անմեղունակ արտայայտութիւնը.
— Քեռի՜ , անձրեւը «եզակի» կու գայ …:
Շողիկ Ազարիկեան-Ադամեան