“Երկիր Մետիա”._5 Մարտին պաշտօնական այցելութեամբ Պաքու կը գտնուէր թրքական պատուիրակութիւնը՝ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի գլխաւորութեամբ: Պատուիրակութեան կազմին մէջ էր նաեւ թուրք բանագնաց Սերտար Քըլըչ: Ալիեւն ու թուրք նախարարը կրկին խօսած են Շուշիի համաձայնագիրին մասին: «Երեք ամիսէն մենք պիտի նշենք հռչակագիրի ստորագրումին առաջին տարեդարձը։ Սա պատմական փաստաթուղթ է։ Փաստօրէն, թուրք-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները միշտ եղած են դաշնակցային, եւ դաշինքը կ’ապրի մեր ժողովուրդներու սրտերուն մէջ»։ Այս մասին Պաքուի մէջ գտնուող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին հետ հանդիպումին ըսած է Ալիեւ։ Չաւուշօղլու յայտնած է, որ Պաքու եւ Անգարա դաշնակիցներ եղած են Շուշիի հռչակագիրէն առաջ։ «Հռչակագիրի իրականացման համար մենք կ’աշխատինք մեր ատրպէյճանցի եղբայրներուն հետ միասին։ Մենք կ’աշխատինք ոչ միայն արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով, մենք պէտք է որոշակի քայլերու ձեռնարկենք։ Ինչպէս արդէն նշեցիք, ատրպէյճանա-թրքական յարաբերութիւններու ամրապնդումը շատ օգտակար պիտի ըլլայ ոչ միայն երկու ժողովուրդներու շահերուն եւ անոնց կապերու ամրապնդման համար, այլեւ տարածաշրջանի մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան համար։ Այդ իսկ պատճառով մենք պիտի աշխատինք եռակողմ եւ քառակողմ ձեւաչափերով ապահովելու հռչակագիրի գործնականացումը՝ տարածաշրջանի երկիրներուն հետ մեր ունեցած յարաբերութիւններուն շրջագիծին մէջ», ըսած է Չաւուշօղլու։