Զ.
 
Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, 1964-ին, ներկայ էին խուռներամ ՀՄԸՄ-ականներ, համակիրներ եւ օտարներ, որոնք դաշտ եկած էին վայելելու Երեւանէն ժամանած Հայաստանի ախոյեան խումբի՝ Արարատի եւ Սուրիոյ ախոյեան խումբի՝ ՀՄԸՄ-ի եզակի հանդիպումը։
 
Մրցումը կը հովանաւորէր հալէպի նահանգապետը:
 
Հայրենի խումբը, նախքան այս մրցումը, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ փայլուն յաղթանակներ արձանագրած էր եւ բարձր մակարդակի, տպաւորիչ խաղարկութիւն ցուցաբերած՝ հմայելով հանդիսականները:
Հալէպի ՀՄԸՄ-ի տղաքը եւս բացառիկ արդիւնքներ արձանագրած էին օտար խումբերու դէմ: Անոնք ոգեւորուած, քաջալերուած յուսադրիչ արդիւնքներէն, ինքնավստահ դաշտ ներկայացան՝ կրկին լաւագոյնը հրամցնելու բոլորին, յատկապէս յարգելով հայրենի խումբին համբաւն ու բացառիկ կարողութիւնը:
Երկու խումբերը դաշտ մուտք գործեցին առաջնորդութեամբ մրցումի գլխաւոր, միջազգային իրաւար Սալէմ Այմաշի եւ իր օգնականներուն:
 
Պետական զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, երկու խումբերուն խմբապետները պաշտօպէս ամպիոն բարձրանալով ծաղկեփունջեր նուիրեցին օրուան մրցումը հովանաւորողին՝ առի յարգանք եւ շնորհակալութիւն։
Երկու խումբերուն մարզիկները եւս իրենց ձեռքի փոքր ծաղկեփունջերով ողջունեցին բազմահազար ներկաները եւ արժանացան անոնց բուռն ծափողջոյններուն:
 
Իրաւարարի սուլիչին ազդանիշով մրցումը ընթացք առաւ: ՀՄԸՄ-ի տղաքը անցան լուրջ աշխատանքի, դարձեալ բացառիկ յաղթանակ ապահովելու առաջադրանքով: Կազմակերպուած, հաւաքական գործակցութեամբ, ներդաշնակ խաղարկութեամբ եւ ուսումնասիրուած յարձակումներով անոնք, բազմաթիւ անգամներ վտանգի ենթարկելէ ետք հայրենի խումբին բերդը, յաջողեցան, շնորհիւ Գրիգորի, Ճորճիկի եւ Գօգոյի արագ ու ճշգրիտ փոխանցումներուն, գնդակը ապահով հասցնել Արարատի մեծ քառակուսին, ուր Ճորճիկ՝ խաղի բերելէ ետք յետսապահ գիծի խաղացողը, վարպետ խաղացող Գօգօ Քիլէճեանէն ստացած գնդակը յաջողեցաւ ճշգրտութեամբ հասցնել իր նպատակին՝ ցնցելով հայրենի խումբին բերդն ու բերդապահը, մրցումին 5-րդ վայրկեանին: Արդիւնքը եղաւ (1-0)՝ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ին:
Այս կոլը ՀՄԸՄ-ի տղաքը ոգեւորեց:
Դաշտը կը թնդար բազմահազար ՀՄԸՄ-ականներրու եւ համակիրներու ազգային, յեղափոխական բարձրաձայն երգերուն հնչեղութեամբ: Ոգեւորիչ այս երգերու կշռոյթին հետեւելով, ՀՄԸՄ-ի աննման տղաքը շարունակեցին իրենց տպաւորիչ յարձակումները: Հայրենի խումբի խաղացողները ջանք ու ճիգ չխնայեցին հասնելու ՀՄԸՄ-ի բերդը, սակայն անոնց բոլոր գրոհները ձախողութեան մատնուեցան՝ շնորհիւ յետսապահ գիծի արթուն տղոց, որոնք հանդարտութեամբ, խոհեմութեամբ եւ վարպետութեամբ յաջողեցան կասեցնել բոլոր յարձակումները եւ անցնիլ կազմակերպուած հակայարձակողականի։ Անոնք արագ, ճշգրիտ փոխանցումներով մատակարարեցին յառաջապահ գիծի տղաքը, որոնք եւս տպաւորիչ եւ բարձր մակարդակի խաղ ցուցադրելով գերազանցեցին հայրենի խումբը:
Սուր պայքարը շարունակուեցաւ: ՀՄԸՄ-ի տղաքը կը ջանային յաղթանակով աւարտել այս մրցումը, մինչդեռ Արարատ խումբը ամէն գնով կը փորձէր նախ հաւասարիլ, ապա յաղթանակ ապահովել:
Մրցումի աւարտէն ութը վայրկեան առաջ, երբ տակաւին արդիւնքը կը մնար (1-0)՝ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի խումբին, պատահեցաւ անսպասելին: ՀՄԸՄ-ի հմուտ բերդապահը՝ եղբ. Անդրանիկ Սիւլիւքճեան, երկու կոլ հրամցուց Հայրենի խումբին: Բոլորս շշմած մնացինք, ցնցուեցանք, չհասկցանք, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս կը պատահի այս մէկը։ Եղբ. Անդրանիկ առաջին անգամ ըլլալով խումբին պարտութեան պատճառը կը դառնար:
Բոլորս՝ խումբին տարրերը եւ դաշտի խուռներամ բազմութիւնը, չհաւատացինք եղածին: Սակայն մրցումէն ետք, շուտով հասկցանք, որ
«Կարելի եւ ընդունելի չէր Արարատ խումբը պարտուած ղրկել Հայրենիք»:
 
Հրահանգը հասած էր եղբ. բերդապահին։ Վերջինս ամենայն հաւատարմութեամբ գործադրած էր հրահանգը:
Մրցումը վերջ գտաւ ի նպաստ Հայրենի խումբին՝ (2-1)արդիւնքով:
ՀՄԸՄ – ի ախոյեան, բացառիկ այս խումբը, ինչպէս միշտ, այդ օրը եւս տպաւորիչ, ներդաշնակ եւ բարձր մակարդակի ֆութպոլի ելոյթ մը ունեցաւ՝ արժանանալով բոլորին գնահատանքին: Հայրենի խումբի մարզիկները եւ պատասխանատուները եւս բարձրօրէն դրուատեցին այս խումբը՝ յաջողութիւն մաղթելով անոր:
 
Երեկոյեան, ՀՄԸՄ-ի տան մէջ, քաղաքի ակումբին սրահը, տեղի ունեցաւ բացառիկ ընթրիք- խրախճանք՝ իպատիւ Հայրենի պատուիրակութեան, եւ ներկայութեամբ հալէպահայ համայնքի պատկառելի անձնաւորութեանց: Անմոռանալի, հոգեպարար երեկոյ մը ապրեցանք մեր հայրենի հարազատ եղբայրներուն հետ։ Արտասանուած ճառերն ու խօսքերը աւելի խրախուսեցին մեզ։
 
Եւ վերջապէս հասաւ բաժանումի պահը, որ եղաւ յուզիչ բոլորիս համար, սակայն կրկին հադիպելու եւ զիրար տեսնելու յո՛սը, հաւատքը եւ սպասումը մեզ խրախուսեցին եւ լաւատեսութեամբ տոգորեցին մեր սրտերն ու հոգիները:
 
հրաժեշտ տուինք իրարու՝ ընտանեկան հարազատ այս մթնոլորտին ջերմութիւնը, գեղեցկութիւնը եւ ուրախութիւնը վայելելէ ետք:
Ճորճ Ռաստկելէնեան