6 Մարտին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց եւ սփիւռքի նախարար Ֆայսալ Ալ-Միքտատ ուղերձներ փոխանակած են՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սուրիոյ Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30- ամեակին առիթով: Նախարար Արարատ Միրզոյեան իր ուղերձին մէջ յայտնած է, որ հայ-սուրիական յարաբերութիւնները խարսխուած են իրարու նկատմամբ յարգանքի ու վստահութեան ամուր հիմքերու վրայ, որ բազմիցս արտայայտուած է դժուարին իրավիճակներու մէջ երկու ժողովուրդներու եւ պետութիւններու՝ իրարու նկատմամբ ցուցաբերած մարդասիրական եւ բարոյական աջակցութեամբ։ Նախարարը նաեւ ընդգծած է սուրիահայ համայնքի առանձնայատուկ դերակատարումը՝ որպէս բարեկամութեան աներեր կամուրջ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ։ ՀՀ ԱԳ նախարարը յայտնած է, որ հայ-սուրիական բարեկամական յարաբերութիւնները հետագայ տարիներուն աւելի պիտի ընդլայնուին եւ պիտի ամրապնդուին։ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Ալ-Միքտատ, յղելով իր ջերմագին շնորհաւորանքները ՀՀ ԱԳ նախարարին, դիտել տուած է, որ մեր երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները տարբեր ոլորտներու մէջ ունեցած են շարունակական զարգացում։ Սուրիական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է առաւել խորացնել հայ-սուրիական յարաբերութիւնները եւ ամրապնդել պատմական կապերը՝ ի շահ երկու բարեկամ ժողովուրդներու և երկիրներու։