Շաբաթ, 26 Փետրուար 2022-ին, Սուրիոյ Արուեստագէտներու Արհմիութիւնը յայտարարեց Արհմիութեան անդամակցութեան պահանջ արձանագրող արուեստագէտներուն ընդունման ցանկը։ Արհմիութեան ընդունուողներու ցանկին մէջ ներառուեցան չորս սուրիահայեր։ Դերասաններու բաժինին մէջ՝ Պետրոս Պարսումեան եւ Շանթ Փիլաւճեան, իսկ ջութակահարներու բաժինին մէջ՝ Դաւիթ Մելքոնեան եւ Սարգիս Աւագեան։