Այնքան ատեն, որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը կը շարունակէ յաւելեալ աւերներ գործել եւ մարդկային կեանքեր խլել, աշխարհի երկիրները, յատկապէս Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, ստիպուած են բարդ ընտրութիւն կատարելու իրենց քաղաքականութեան, հրապարակային յայտարարութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններէ ներս քուէարկութեան մէջ: Հակառակ Թուրքիոյ  յարափոփոխ  դիրքորոշման  մասին առկայ մտահոգութիւններու, ակնյայտ է, որ ո՛չ Ռուսիա, ոչ ալ Արեւմուտքը կ՛ուզեն Թուրքիան մղել ընդդիմադիր ճամբար: Նախագահ Էրտողանի աւագ խորհրդական Իպրահիմ Քալին գոռոզաբար ըսած է CNN-ի, որ արեւմտեան երկիրները կոչ ըրած են Թուրքիոյ՝ պահպանել իր կապերը Ռուսիոյ հետ, ինչ որ շատ քիչ հաւանական է: Մէջբերուած են Էրտողանի խօսքերը. «Մենք ո՛չ Ուքրանիայէն, ոչ ալ Ռուսիայէն կը հրաժարինք»։ Իրականութեան մէջ, ասիկա կը բնութագրուի որպէս «ռազմավարական անորոշութիւն»։

Ահա՛ իմ վերլուծութիւնը այս պատերազմի՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վրայ ունենալիք հետեւանքներուն մասին։ Արդեօք անոնք կը յաջողի՞ն պահպանել իրենց երկդիմի  դիրքերը, թէ կը սայթաքին եւ կը կորսնցնեն իրենց դիւրաբեկ հաւասարակշռութիւնը։

Սկսինք այն քուէներէն, զորս այս երեք երկիրները տուած են ներկայ պատերազմին մասին։ Առաջին քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է 25 Փետրուարին, Եւրոպական  խորհուրդի մէջ, որուն կ՛անդամակցին Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա։ 47 անդամներէն միայն Ռուսիա եւ Հայաստան դէմ քուէարկած են՝ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովէն եւ Նախարարներու կոմիտէէն ներս Ռուսիոյ անդամակցութիւնը կասեցնելու միջնորդութեան։ Կողմ քուէարկած են 42 երկիրներ։ Ատրպէյճան չէ քուէարկած, իսկ Թուրքիա ձեռնպահ մնացած է։

Յաջորդ քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է 28 Փետրուարին, ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդին մէջ, Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը Խորհուրդի օրակարգ ներառելու մասին: Խորհուրդի 47 անդամներէն 29-ն կողմ քուէարկած է, 13-ը ձեռնպահ մնացած է (ներառեալ Հայաստան): Ռուսիոյ, հաւանաբար, չէ գոհացուցած Հայաստանի քուէարկութիւնը։ Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տենիս Աֆթոնոմով իր կառավարութեան գոհունակութիւնը յայտնած է Հայաստանի քուէարկութեան կապակցութեամբ։ Աւելի կարեւորը այն է, որ 4 Մարտին, Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդը քուէարկեց Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ խախտումները հետաքննող յանձնախումբ ստեղծելու օգտին։ Կողմ քուէարկեց 32, ձեռնպահ՝ 13 երկիր (ներառեալ Հայաստան)։ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ՄԱԿ-ի այդ խորհուրդի անդամ չեն։

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր խորհուրդը 2 Մարտին բանաձեւ անցուց՝ կոչ ընելով ռուսական ուժերուն՝ դուրս գալ Ուքրանիայէն։ Կողմ քուէարկած է 141 անդամ, ձեռնպահ՝ 35-ը (ներառեալ Հայաստան)։ Թուրքիա կողմ քուէարկեց։ Ատրպէյճան չքուէարկեց։

Անկախ քուարկութենէն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վրայ դրուած է Ռուսիոյ հետ իր երկրի տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմական դաշինքը հաւասարակշռելու բաւական դժուար հարցը՝ փորձելով պահպանել լաւ յարաբերութիւններ Արեւմուտքի հետ։ Հակամարտութեան առնչութեամբ, Փաշինեան իր առաջին զգուշաւոր կարծիքը արտայայտեց 2 Մարտին՝ ըսելով. «Մենք սրտի կսկիծով կը հետեւինք հետզհետէ ծաւալող իրադարձութիւններուն, որոնք, հիմա արդէն ակնյայտ է, որ պիտի ունենան համաշխարհային հետեւանքներ: Մեր յոյսն է, որ այսօր նախատեսուած ռուս-ուքրանական բանակցութիւնները կը կայանան եւ կ՛արդիւնաւորուին, եւ դիւանագիտութիւնը կը յաջողի լռեցնել թնդանօթները»:

Ատրպէյճան եւս կը գտնուի երկու ճամբարի մէջ։ 26 Փետրուարին, Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի թուիթըրի մէջ երկու անգամ գովաբանած է Ատրպէյճանը, որ 5 միլիոն տոլարի դեղորայք մատակարարած է Ուքրանիոյ եւ վերջինիս շտապ օգնութեան մեքենաներուն համար ձրի նաւթ տրամադրել հրահանգած է Ուքրանիոյ մէջ նաւթ վաճառող ատրպէյճանական կեդրոններուն, այս բոլորը Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դաշինքի պայմանագիրի ստորագրումէն միայն քանի մը օր ետք: Սակայն Ատրպէյճան, ինչպէս Թուրքիա եւ Հայաստան, պատժամիջոցներ չէ կիրարկած Ռուսիոյ դէմ։ Միւս կողմէ, Որովհետեւ Ուքրանիա քաղաքական եւ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերած էր Ատրպէյճանի, մինչեւ 2020-ի արցախեան պատերազմը, եւ այն փաստը, որ 2000 ռուս խաղաղապահներ կ՛ապահովեն արցախահայութեան անվտանգութիւնը, Արցախի կառավարութիւնը  ճանչցաւ  Ռուսիոյ կողմէ վերահսկուող Ուքրանիոյ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջաններու «անկախութիւնը»։

Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի միակ անդամն է, որ մերժած է պատժամիջոցներ կիրարկել Ռուսիոյ դէմ եւ բաց պահած է իր օդային տարածքը ռուսական ինքնաթիռներու համար, որպէսզի չկորսնցնէ ռուսական ներդրումները, կազի ներկրումը եւ զբօսաշրջիկներէ ստացուող մեծ եկամուտները։ Զարմանալիօրէն, 1 Մարտին, Էրտողան հաստատեց Պելառուսիոյ հետ ներդրումներու խթանման համաձայնագիրը. Պելառուսիա Արեւմուտքի կողմէ պատժամիջոցներու  ենթարկուած է՝ Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակման միանալուն համար: Միւս կողմէ, Թուրքիա արգելափակած է ռուսական որոշ ռազմանաւերու անցումը թրքական նեղուցներով դէպի Սեւ ծով, ինչպէս նախատեսուած է 1936-ի Մանթրոյի համաձայնագրով։ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն իր երախտագիտութիւնը  յայտնած է թրքական որոշման համար։ Այսուամենայնիւ, Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները կը մնան սառն։

Երբ թրքական անօդաչու թռչող տասնեակ սարքերէն հինգը խոցուեցաւ Ռուսիոյ կողմէ, Ուքրանիա  ծրագրեց  Թուրքիայէն անօդաչու թռչող յաւելեալ սարքեր գնել, որոնք թիրախաւորած են ռուսական զինուած շարասիւնները։ Միւս կողմէ, Թուրքիա գնած էր ռուսական S-400  հակաօդային  հրթիռներու  համալիր, զոր ստիպեց Միացեալ Նահանգները՝ պատժամիջոցներ կիրարկել ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ նկատմամբ՝ արգիլելով վերջինիս ամերիկեան F-35 ռմբակոծիչներու ձեռքբերումը։

1 Մարտին, «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը հրապարակեց Քառլոթա Կալի յօդուածը՝ «Ուքրանիա ներխուժումը կը մեծցնէ բախումը Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ» վերնագրով։ Ան յայտնած է, որ պատերազմի մեկնարկէն ժամեր առաջ, թրքական երկու ինքնաթիռներ վայրէջք կատարած են Ուքրանիա՝ Քիեւէն դուրս բերելու համար դիւանագիտական անձնակազմը եւ Թուրքիոյ այլ քաղաքացիներ։ Այսուամենայնիւ, ինքնաթիռները եւ դուրս բերուած մարդիկ արգելափակուած են, որուն ի հետեւանք, երկրին ներսը  սկսած են Էրտողանը քննադատել, մօտեցող վտանգը  չկարենալ ըմբռնելուն  եւ աւելի արագ չշարժելուն համար։ Ասոր վրայ, Էրտողան նախագահներ Փութինն ու Զելենսքին հրաւիրած էր Թուրքիա՝ առ ի միջնորդութիւն պատերազմի լուծման։ Փութին քաղաքավարի կերպով մերժեց անոր հրաւէրը։ Մինչ Էրտողան փակեց արեւմտեան քանի մը լրատուական միջոցներ՝ լռեցնելու համար Ռուսիոյ հասցէին անոնց  քննադատութիւնը։

Հակառակ պատերազմի մէջ Թուրքիոյ  ցուցաբերած անորոշ  կեցուածքին, «Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ կողմէ պատերազմի ընթացքին աւերուած են թրքական գործարաններ եւ չորս պահեստներ։ Այս գործարանները կ՛արտադրէին զինամթերք եւ փոքր ռումբեր», հաղորդած է լոնտոնեան «Օրուան Կարծիքը» (Rai Al-Youm) արաբական թերթը: Աւելին, «քանդուած է մեծ գործարան մը, որ մասնագիտացած էր «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքերու շինուածքներու արտադրութեան մէջ»: Ուքրանական գործարանները կը մատակարարեն թրքական անօդաչու թռչող սարքերու շարժիչներ եւ այլ կարեւոր մասեր։ Պարբերականը մէջբերած է Էրտողանի անանուն աւագ խորհրդականը, ըստ որուն Ուքրանիոյ մէջ թրքական կորուստները կը կազմեն հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ եւ կրնան հասնիլ միլիառաւոր տոլարներու։

Միեւնոյն ժամանակ, Էրտողանի փեսան՝ անօդաչու թռչող սարքեր արտադրող Սելճուք Պայրաքթար, թուիթըրեան իր էջին մէջ գրած է․ «Ես խստագոյնս կը դատապարտեմ Ռուսիոյ անօրինական ներխուժումը, որ խախտում է անկախ պետութեան մը ինքնիշխանութեան իրաւունքի»: Աւելցնելով, որ աջակից է «Ուքրանիոյ եւ Խրիմի՝ մեր թուրք եղբայրներու հայրենիքին, որոնք կը դիմադրեն բռնագրաւման»: Երկրորդ թուիթի մը մէջ Պայրաքթար ափսոսանք յայտնած է «պատերազմի պատճառած քանդումներուն եւ տառապանքներուն համար»: Թուրքիոյ քաղաքացիները մատնանշած են «մահուան վաճառականի»ն կեղծաւորութիւնը, որուն անօդաչու թռչող սարքերը հսկայական աւերներ գործած են ամբողջ աշխարհի մէջ։ Ակնյայտօրէն, ան իր առեւտրական շահերը վեր կը դասէ մարդկային կեանքէն:

Ռուս-ուքրանական պատերազմը խախտած է միջազգային կարգի չափանիշները՝ ստիպելով բազմաթիւ երկիրներու, որոնց շարքին՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, որ նրբանկատօրէն հաւասարակշռեն իրենց շահերը երկու կողմերուն հետ։

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

Յարութ Սասունեան