“Երկիր Մետիա”._ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնած է, որ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը ապատեղեկատուութիւն տարածած է՝ պնդելով, թէ ՀՀ Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են Հայաստանի սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ հաստատուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ։ Իրադրութիւնը սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ ԶՈՒ լիարժէք վերահսկողութեան տակ։ Միաժամանակ պլօկըր Միքա Պատալեան գրած է, որ Երասխի մէջ այս պահուն ուժգին կրակոցներ են։ Հայկական կողմէն կայ մէկ զոհ եւ մէկ վիրաւոր զինուոր։