7 Մարտին «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորներ Վահէ Յակոբեան եւ Թադէոս Աւետիսեան հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով։ Անոնք ամփոփեցին Ազգային Ժողովի վերջին քառօրեան ու պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն: «Մեր առաջնային հարցը տոլար-դրամ փոխարժէքի կայունութեան ապահովումն է», ըսաւ «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր, տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վահէ Յակոբեան։ Ան յայտնեց, որ որոշ տուեալներով օրական 6 հազար Ռուս և Ուքրանացի քաղաքացի կու գայ Հայաստան եւ իրենց հետ կը բերեն հիմնականօրէն ռուբլի, ուստի ՀՀ կառավարութեան առաջին հարցն է, որ արտահոսք չըլլայ։ Վահէ Յակոբեան նկատեց, որ Հայաստան կրնայ կանգնիլ նաեւ հացահատիկի վտանգի առջեւ: Նշելով, որ Հայաստան հացահատիկը կը ներածուի՝ ան ընդգծեց, որ եթէ ուքրանական հակամարտութիւնը երկարի, ապա Ռուսիան սահմանափակումներ պիտի մտցնէ եւ մեր երկիրը պիտի կանգնի հարցի առջեւ: «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Թադէոս Աւետիսեան նկատեց, որ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան վտանգները ակներեւ են եւ արդէն տեսանելի են: «Բայց կայ նաեւ կարելիութիւններ Հայաստանի տնտեսութիւնը մեծցնելու, ներդրումներու համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու եւ նաեւ արտահանումը ԵԱՏՄ աւելցնելու», ըսաւ պատգամաւորը եւ շեշտեց՝ կառավարութիւնը ԿԲ-ի հետ պէտք է ընէ առաւելագոյնը, որ վտանգները տնտեսութեան վրայէն չեզոքացնէ եւ բարձրացնէ եղած առիթներէն օգտուելու կարելիութիւնները»։