Երեքշաբթի, 8 Մարտ 2022-ի առաւօտուն, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներով, որոնք եկած էին Արեւագալի ժամերգութեան մասնակից դառնալու եւ Մեծ Պահքի օրերուն միասնական աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած։
Արեւագալի ժամերգութեան հանդիսապետեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, մասնակցութեամբ՝ Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի եւ Թեմի քահանայ հայրերուն։ Հաւատացեալներուն կողքին արարողութեան ներկայ էին նաեւ Կրթասիրաց Ս. Չեմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի աշակերտները։
«Շողակաթ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բարշ. բժշկ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի, հոգեպարար երգեցողութեամբ համակեց հաւատացեալներուն հոգիները։
Սաղմոսասացութեամբ եւ շարականներու երգեցողութեամբ Մեծ Պահքի խորհուրդը փոխանցուեցաւ հաւատացեալներուն։
«Հրաժարիմք»ի արարողութեամբ հաւատացեալները հրաժարեցան սատանային բոլոր պատրանքներէն եւ գործակիցներէն, ապա դէպի լոյս դառնալով իրենց հնազանդութիւնը յայտնեցին Երկնաւոր Հօր նկատմամբ:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ հաւաքական խոստովանանքի եւ զղջումի կարգը, որմէ ետք ներկաները եկեղեցւոյ խորհրդաւոր կամարներուն ներքեւ միասնաբար երգեցին «Տէր Ողորմեա»ն, հայցելով Տիրոջ ողորմութիւնը եւ «Տէրունական Աղօթք»ի բառերով զօրացած՝ մեկնեցան եկեղեցիէն։
Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան