Պահ մը հեռանանք աշխարհի ուշադրութիւնը կլանող՝ Ուքրանիոյ տագնապէն, ու (առանց մոռնալու ծաղկեփունջ մը նուիրել Հայ Կնոջ՝ իր տօնին առիթով), մեր աչքերը ուղղենք մե՛զ տագնապեցնող՝ Հայաստանի ու Արցախի իրադարձութիւններուն:
Յստակ է, որ անցնող իւրաքանչիւր օր քիչ մը աւելի՛ բացայայտ կը դարձնէ, թէ մեր ժողովուրդին եւ իշխանութեան հայեցակէտերուն միջեւ վիհը որքա՜ն կը խորանայ. Կարծէք թէ ո՛չ միայն հասած ենք անոնց միջեւ անկամրջելի վիճակի, այլ մեր ազգի կամուրջները կը քանդուին մեր պատմութեան, մշակոյթին եւ հայկական էութեան հետ:
Խորքին մէջ, ստեղծուած է խուլերու խօսակցութիւն մը: Անկախ այսօր ըսածէն վաղը-միւս օր ետդարձ ընելու եւ ինքզինք մի՛շտ ճիշդ ու արդար համարող իշխանաւորներու ընթացքէն, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի զանգուածներուն համար այլեւս կասկածէ վեր է, թէ երկրին շոգեկառքը կը սուրայ դէպի նորանոր կործանումներու դաշտեր: Եթէ փորձենք եղածը ներկայացնել երեւակայական փոխասացութեան մը պատկերով, կը ստանանք մօտաւորապէս հետեւեալը:
* * *
Ատրպէյճան գրեթէ ամէն օր յարձակումներ կը գործէ Արցախի եւ Հայաստանի սահմանամերձ գօտիներու վրայ: Նորագոյն դաշտերը եղան Խրամորթն ու Երասխը, տուինք զոհ, վիրաւոր, աշխատանքի արգելքներ…
Իշխանութիւնը կը հրճուի. «Մենք խաղաղութեան շրջան պիտի բանանք»:
Ատրպէյճան բանիւ եւ գործով կը սպառնայ բռնագաղթի մղել Արցախի մնացեալ շրջաններու հայութիւնը:
«Խաղաղութիւն կը հետապնդենք»-ով ինքզինք խաբողները կը մտածեն. «Մեզի ի՛նչ՝ Արցախը: Անոր բեռէն ազատած ենք, թող ռուս խաղաղապահները մտահոգուին»:
Ատրպէյճանի մէջ հայ գերիներ պարբերաբար կը դատուին ու երկարատեւ բանտարկութեան վճիռներ կը ստանան:
Երեւանի իշխանաւորներուն համար, «հայ գերիներու հարց գոյութիւն չունի»: Կը մտածեն՝ թող եւրոպացիք եւ ռուսերը միջամտութիւններ ընեն (եկուր տե՛ս, որ անոնք աւելի քան տասը օրէ ի վեր Ուքրանիայով զբաղած են):
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ո՛չ միայն գործի անցած են «Շուշիի համաձայնագիր»-ին պայմանները մէկ առ մէկ իրականացնելու նպատակով, այլ կը յաւակնին, Արցախն ու Սիւնիքը նուաճելէ անդին նայելով՝ հասնիլ Երեւան:
Հայաստանի իշխանաւորները կը պնդեն. «Մենք խաղաղութիւն կը հետապնդենք»: Գործի անցնելով՝ ազերի պատգամաւորներ կ’արժանացնեն սիրալիր ընդունելութեան, անոնց առիթ կու տան, որ Երեւանի պարսկական մզկիթը ազերիական հռչակեն, լուռ սպառնալիք ուղղեն, որ շուտով հոն պիտի գան աղօթելու (իմանալ՝ մտադրած են Երեւանն ալ գրաւել): Մեր խաղաղասէր իշխանաւորները չեն ցանկար նեղացնել ազնի՜ւ հիւրերը, հոգ չէ թէ անոնք վրդովումի կը մատնեն նա՛եւ մեր բնական դաշնակիցներէն՝ Իրանը:
Խորհրդարանական ընդդիմադրութիւնը բանաձեւ կը բերէ, որպէսզի «Շուշիի համաձայնութիւն»-ը դատապարտուի ժողովուրդին ընտրած պատգամաւորներուն կողմէ: Փոխանակ նման բանաձեւ միաձայնութեամբ որդեգրելու (աւելի քան երկու տարի առաջ, իսկապէս ուրախացանք, երբ ամերիկեան խորհրդարանի երկու տուները ինչպիսի մեծամասնութեամբ որդեգրեցին Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծը), «պայմանագրեալ» խմբակը կը խափանէ նման քայլ, յաւելեալ փաստ մը արձանագրելով, թէ որո՛ւն հետ պայմանաւորուած է: Կը մտածեն. «Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կարելի է նեղացնել թուրք-ազերիները, որոնց հետ խաղաղութեան էջը պիտի բանանք»:
«Շուշիի համաձայնութիւն»-ը դատապարտել մերժող «պայմանագրեալները» չեն ուզեր տեսնել, չեն ցանկար, որ ժողովուրդն ալ տեսնէ, թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ինչպիսի՛ նախապայմաններ դրած են Հայաստանի հետ խաղաղութեան համար: (Արցախի խորհրդարանը բաց աչքերով կը տեսնէ իրականութիւնը): Կոյր ու խուլ կը ձեւանան Արցախը վերջնականապէս կուլ տալու, Սիւնիքէն սկսեալ՝ Հայաստանն ալ պատառ-պատառ «ճաշակելու», Ցեղասպանութեան մեր պահանջներուն հարցը փակուած տեսնելու, զանոնք ամրագրած միջազգային համաձայնագիրները ջնջուած տեսնելու, ընդհակառակն՝ խորհրդայիններուն օրով ի վնաս Հայաստանի կնքուած պայմանագիրներ վերականգնելու (եւ բազում) նախապայմաններու դիմաց, եւ մանկական միամտութեամբ կ’աղաղակեն. «Մենք առանց նախապայմանի կը բանակցինք Թուրքիոյ հետ»: Բանակցութեան նիստերը իրարու կը յաջորդեն՝ նոր «մտայնութիւնը» ժողովրդականացնելու քարոզչութիւնը կը ծաւալի, ու մինչ թուրք բանակցողը Պաքու կը վազէ՝ միացեալ ծրագիրները յառաջ տանելու խանդով, մեր իշխանութեան ներկայացուցիչները կը պատրաստուին Անթալիա երթալու՝ «խաղաղութիւնը նաեւ Անթալիայէն կ’անցնի» մտածելով: (Եւ կը զարմանա՞ս, հա՛յ մարդ, թէ Ցեղասպաններուն ժառանգորդ եւ հաւատարմատար Էրտողան մը Հայաստանէն դրական նշաններ կը տեսնէ… շնորհիւ «երկաթէ մուրճ» ձեռք բերած վարչապետին եւ գործակիցներուն):
Տնտեսագէտներ եւ բանիմաց մարդիկ բազում ահազանգեր կը հնչեցնեն, որ ներկայ պայմաններուն մէջ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հետ սահմաններու «առանց նախապայմանի բացում»-ը նոր աղէտներու պիտի հասցնէ Հայաստանն ու տնտեսութիւնը, պատուհաս պիտի ըլլայ հայ գիւղացիին եւ առեւտրականին: Իշխանաւորները կը հաւատան, որ խաղաղութեան էջը բանալով՝ Հայաստան պիտի բարգաւաճի, տնտեսական զարգացում պիտի ապրի (առածը կ’ըսէ. «Մեղր ծախողը մատները կը լիզէ»):
Խորհրդարանական ընդդիմադիրներ եւ արտախորհրդարանական իմաստուններ մտահոգ են, որ Արցախի երկրագործական տարածքներու կորուստէն, ապա նաեւ Ռուսիան եւ աշխարհը կլանած ծանօթ տագնապներէն ետք, Հայաստանի պարենաւորման հարցերը դժուարութիւններու առջեւ են, լուծումներ կը պահանջեն, արդարօրէն հարց կու տան, թէ իշխանութիւնը արդեօք ի՞նչ ծրագիր ունի: Նման հարցադրումներ լսող եւ հողատու ըլլալը չընդունող վարչապետը կը զայրանայ, իսկ իր խօսափողերը արհամարհանքով ժողովուրդին կը նետեն. «Ինչո՞ւ կը մտահոգուիք: Հոգ մի՛ ընէք՝ եթէ ապրուստի սղութիւնը դէպի վեր նոր ոստումներ կ’արձանագրէ: Ընդդիմադիրներուն մտահոգութիւնները անհիմն են: Մենք ամէն հարց կը լուծենք»:
Եւրոպայի հետ աշխարհը խոր մտատանջութեան մատնած զարգացումները համապատասխան ալիքներ կը բարձրացնեն Հայաստանի ու Արցախի մէջ, կը յուզեն նաեւ անոնց ելեւէջներուն հետեւող սփիւռքահայութեան միտքերն ու հոգիները: Իշխանութեան մօտիկ շրջանակներ հազիւ թէ կը քողարկեն «հին ճամբու ծրագիր»-ը, այսինքն՝ ձեւ մը գտնել, որպէսզի Հայաստան դուրս գայ ռուսական ազդեցութենէ եւ ապաւինի Արեւմուտքի հովանիին: Հարցը կը դրուի ռուսասիրութեան եւ ռուսամերժութեան, եւ ո՛չ թէ իրապաշտութեան, կարելի հաւասառակշռութիւն մը պահպանելու մօտեցումով (Զելենսքիի մը 10 օր բաւարար եղաւ, թէ որքա՛ն կարելի է վստահիլ զօրակցական հաւաստիքներու, որոնք վերածուած են Ուքրանիան զէնքով օժտելու ճամբով՝ պաշտօնապէս կողոպտելու եւ շահադիտական լայնածիր մրցակցութիւններ իրականացնող ծրագիրներու բացայայտման): Հայաստանի «հեռատեսները» չեն ուզեր տեսնել, թէ Արեւմուտքին հետ գործակցութեան խորացման պատրանքը համազօր է «խաղաղասէր եւ առանց նախապայմանի բանակցող» Թուրքիոյ դիմաց կանաչ լոյս բանալու, որպէսզի ուղղակի եւ անուղղակի ձեւերով թափանցէ Հայաստան, զայն լաւագոյն պարագային վերածելու համար… թրքական վիլայէթի մը (կը յիշէ՞ք Հոֆն ու Վեստենենկը…):
Երեւանի իշխանաւորները նման մտահոգութիւններու կը պատասխանեն. «Ժողովուրդը մեզի տուաւ իր քուէն: Անկէ ետք թող որեւէ բանի չխառնուի, պէտք չունի գիտնալու, թէ ի՞նչ կ’ընենք, ինչպէ՞ս կ’ընենք»: Ու կ’աւելցնեն. «Խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում պիտի բերենք»: (Վերջին օրերուն նոր հրճուանքի ալիք ալ կայ. Ռուսիայէն հոսանք մը կայ…):
…Մեր ժողովուրդը հաւանաբար չէ մոռցած, որ 44-օրեայ պատերազմին, Արծրուն Յովհաննիսեան անունով բանբեր մը ամէն օր զինք կը կերակրէր «Յաղթելու ենք» ու նման սուտերով: (Ըսելիք չունինք բոլոր այն «իմաստուններուն», որոնք կը յամառին ընկղմած մնալ նման խաբէութեան թափօններուն մէջ. չէ՞ որ կարգ մը ախտեր անդարմանելի են, իսկ «չհասկցողին բան հասկցնելը անկարելի առաքելութիւն է»): Վաղը, «խաղաղութիւն պիտի բերենք»ն ու «տնտեսական բարգաւաճման էջը պիտի բանանք»-ն ալ պիտի ունենան «յաղթելու ենք»-ին հնչեղութիւնը:
Սակայն պիտի հասնի նաեւ ա՛յն օրը, երբ զանգուածը պիտի տեսնէ, թէ ընդդիմադիրները (անցնինք անհատներու ոլորտէն անդին) արդարացի էին, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ատենին արդարացի էին խորհրդային-համայնավար կարգերը քննադատող ու խարանող «այլախոհները», սակայն յետոյ եկաւ վերանկախացման եւ իմաստնանալու ճամբուն յարելու շրջանը:
Կասկած պէտք չէ ունենալ, որ մեր ժողովուրդը դարձեա՛լ պիտի վերագտնէ իմաստնանալու ուղին, պիտի խափանէ Հայաստանի կործանումը, պիտի վերականգնէ իրաւունքի եւ բոլոր արդար պահանջներուն իրականացման կամքը, պիտի գործէ ըստ այնմ: Մեր այլասերումը չի կրնար հասած ըլլալ ինքնակործանման հոգեվիճակի: Փաստ՝ մեր անջնջելի պատմութիւնը:
Ս. Մահսերէճեան