Լեզուն խայթող, վիրաւորող
Թոյն սրսկող, որոմ ցանող
Բաժանումի ճեղքեր բացող
Միտք պղտորող, բարին ժխտող:
Լեզուն անսանձ, նետ արձակող
Չարադաւան, արագ խօսող
Փշաբեր է, սիրտեր խոցող
Զրպարտութեան գործիք դարձող:
Լեզուն կեղծ է սուտ յօրինող
Խաբկանքներով հաճոյացող
Օրէնք խախտող, շուտ սայթաքող
Յանցանքներու բոյն նկատուող:
Լեզուն սուր է պատերազմող
Անվերջ վէճին հիմը դնող
Բամբասանքի նիւթ հնարող
Գլխապտոյտ միշտ պատճառող:
Լեզուն վտանգ սպառնացող
Թակարդ լարող, որս փնտռող
Վարպետ մատնիչ, դաւաճանող
Սուտը իրաւ նկարագրող:
Լեզուն վատ է ցեխարձակող
Կարծր սիրտէն քարեր գտնող
Անխնայ է եւ քարկոծող
Ներաշխարհներ ալեկոծող:
Լեզուն վայրի՝ հրէշացող
Գաղտնիքները բացայայտող
Տուներ քանդող, կապեր խզող
Սուր քննադատ, աւեր գործող:
Ճկուն լեզուն կապ հաստատող
Ճիշդ ժամկէտին միջամտող
Իմաստութեամբ ճարտար շինող
Բարի Տիրոջ փառքը պատմող:
Անուշ լեզուն սերտ ցաւակցող
Աւետաբեր արձագանգող
Օծուն սրինգ սաղմոս երգող
Հմուտ բժիշկ դարման ճարող:
Առողջ լեզուն կշռադատող
Խօսքը մաղէ լաւ անցընող
Պատասխանը խելքով վճռող
Կեղծը խստիւ դատապարտող:
Խօսուն լեզուն հաղորդակցող
Չափաւոր է, սանձ ունեցող
Հիւթեղ պտուղ, կանթեղ վարող
Արթուն խիղճին հաշիւ տուող:
Շինիչ լեզուն լուսաբանող
Աղի նման կեանք համեմող
Մեղեդի է գոհաբանող
Դրականը գնահատող:
Սիրոյ լեզուն պարզաբանող
Արդարութեան խօսնակ եղող
Տրտմածներուն շտապ հասնող
Հոգեշահ է, հանգչեցնող:
Օրհնեալ լեզուն գանձեր բաշխող
Միւռոնաբոյր բարեխօսող
Յիսուսասէր վկայ դարձող
Քաղցրաբարբառ սէր քարոզող:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան