Պատերազմէն յոգնած Հալէպն ու հալէպցին կը շարունակեն ստեղծագործել ու իրենց տաղանդով նոր գոյն տալ քաղաքին: Հալէպցի կինը մանաւանդ, վերջին տարիներուն զգալի ներդրում կը բերէ հալէպեան արտադրութիւններու զարգացման մէջ ու իր տաղանդը աշխատանքի կը վերածէ:
Սուրիոյ ներքին առեւտուրի նախարար դոկտ. Ամր Նազիր Սալէմի հովանաւորութեամբ եւ Հալէպի առեւտրական պալատի «Գործարար Կիներ» յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 5 Մարտ 2022-ին, Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապ բացումը կատարեց «Եասմին Ու Սնտեան-2» վերնագիրը կրող ցուցահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Հալէպի «Շիրաթոն» պանդոկէն ներս:
Եռօրեայ ցուցահանդէսը ընդգրկեց 100 տաղաւար, ուր ցուցադրուեցան այլազան արտադրութիւններ, նպատակ ունենալով խրախուսել հալէպցի արտադրող տիկնոջ արտադրութիւնները, որոնք հակառակ երկրին դժուար պայմաններուն ներկայացուեցան բծախնդիր աշխատանքով եւ ճաշակաւոր յարդարումով: Սոյն ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 10 հալէպահայ կիներ, իրենց նրբաճաշակ եւ իւրայատուկ արտադրութիւններով: Անոնք ներկայացուցին անուշեղէնի, զարդեղէնի, հագուստեղէնի, արծաթեղէնի եւ այլ իրերու ճոխ տեսականի:
Ցուցահանդէսին մասնակցեցան նաեւ ՍՕԽ-ի Աշխատանոցի, Ձեռարուեստի եւ «Փեթակ» խոհանոցի յանձնախումբերը, որոնք հրամցուցին հայկական այլազան ասեղնագործութիւններու ընտիր նմոյշներ, ինչպէս նաեւ հայկական ճաշատեսակներ, խմորեղէն եւ պահքի յատուկ ուտեստեղէն:
Ցուցահանդէսը այցելեցին պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջն

որդը եւ այլ դէմքեր, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ քաղաքացիներ: Անոնք բարձր գնահատեցին հալէպցի ժրաջան կինը, որ իր դժուարութիւնները աշխատանքով ու ստեղծագործութեամբ որոշած է յաղթահարել:
Մթնոլորտը ճոխ էր եւ խրախուսիչ: Իւրաքանչիւր տաղաւար կը ներկայացնէր ճաշակ մը, ստեղծագործական երանգ մը, իսկ հայկական տաղաւարները հայ կնոջ տաղանդը կ’արտացոլացնէին:
Ցուցահանդէսը փակուեցաւ Երկուշաբթի, 7 Մարտ 2022-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին:
Մարէն Պապեան-Աղայէկեան