ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Երեքշաբթի, 8 Մարտ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պահեցողութիւնը Հրաւէր Ապաշխարութեան» խորագրով դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն բանախօսն էր՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան։
 
Մեծ Պահքի օրերուն, նման նիւթերու արծարծումը ունկնդիրներու հոգեմտաւոր աշխարհի հարստացման կը ծառայէր։
Դասախօսութեան ներկայ էին ՍՕ Խաչի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները եւ հրաւիրեալներ։
 
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց յանձնախումբի ատենապետուհի Հուրի Էպլիղաթեան-Մաղաքեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, հակիրճ անդրադարձ մը կատարեց օրուան նիւթին՝ մէջբերելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.Կաթողիկոսին հետեւեալ խօսքը. «Մեծ Պահքը մեզ կը մղէ ինքնաքննութեան եւ ինքնասրբագրումի հոգեւոր եւ բարոյական իմաստով։ Ան մեզ կը հրաւիրէ, որպէս անառակ որդիներ, դառնալու մեր Երկնաւոր Հօր»:
Այնուհետեւ ան հրաւիրեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը՝ ներկայացնելու օրուան շահեկան դասախօսութիւնը։
 
Սրբազան հայրը մանրամասնութեամբ եւ վերլուծական խորութեամբ բանախօսեց «Պահեցողութիւնը Հրաւէր Ապաշխարութեան» նիւթին շուրջ։
 
Գերշ. Տէր Մասիս մեկնաբանեց Յովհաննէս Մկրտիչի անդրադարձը նոր կտակարանին մէջ, դիտել տալով, որ ան առաջինն էր, որ ապաշխարութեան մասին ըսաւ այն, ինչ որ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ։
Ապա ան մէջբերելով Պօղոս առաքեալին հետեւեալ խօսքը. «Ապաշխարեցէք եւ Աստուծոյ դարձէք, որպէսզի ձեր մեղքերը ջնջէ» (Գրծ 3.19), յայտնեց, թէ պէտք չէ յետաձգենք ապաշխարութիւնը, այլ՝ Աւետարան կարդալով, խոստովանելով եւ ապաշխարութեամբ պէտք է մեր հոգիները բուժենք եւ Աստուծոյ վերադառնանք։
Սրբազան Հայրը աւելցնելով նշեց, թէ Յիսուս իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին մեզի փոխանցեց պատգամներ, որպէսզի գործադրենք զանոնք մեր կեանքի ընթացքին։ Հետեւաբար, մեր ողջութեան անհրաժեշտ է որ գործադրենք զանոնք եւ ապաշխարենք, որովհետեւ օր մը հանդիպում պիտի ունենանք մեր Տիրոջ հետ եւ դատաստանի պիտի հրաւիրուինք։
 
Անդրադառնալով Տիրոջ հայրական ներողամտութեան, Սրբազան Հայրը յիշեց Քրիստոսի ներողամտութիւնը իր հետ խաչուած աւազակին, ինչպէս նաեւ իր աշակերտներուն ներողամիտ ըլլալու պատուէրը։ Ուստի, Մեծ Պահքի օրերուն մենք եւս հրաւիրուած ենք ներելու մեր նմանները եւ խոստովանելու մեր յանցանքները, որպէսզի ապաշխարութեան ընթացքով մեր մեղքերուն թողութիւն ստանանք։
 
Սրբազան Հայրը անդրադարձ կատարեց նաեւ մեռած մարմինին եւ հոգիին, ըսելով, որ մեռած հոգին աւելի դժուար է կենդանացնել, քան մեռած մարմինը, որովհետեւ հոգին միայն բարի գործով կը վերակենդանանայ։ Ան խրախուսեց ներկաները, որպէսզի չյուսահատին նաեւ ֆիզիքական մահուան պարագաներուն, որովհետեւ Քրիստոսի շնորհած Յարութիւնը գոյութիւն ունի։
 
Բնութագրելով ապաշխարող հաւատացեալը, Մասիս Եպիսկոպոս յայտնեց, թէ այն խոնարհ մարդն է, որ իր սէրը կ՚արտայայտէ գործով եւ ո՛չ թէ խօսքով։ «Ան, որ կ’ըսէ, թէ կը սիրեմ զԱստուած եւ չի պահեր պատուիրանները՝ սուտ է, իսկ սատանան սուտերու հայրն է», աւելցուց ան։
 
Առաջնորդ սրբազան հայրը դասախօսութիւնը եզրափակեց ըսելով. «Մեր հոգեւոր զէնքը Աւետարանն է, աղօթքն է։ Սիրենք զիրար, որովհետեւ քրիստոնէութիւնը հիմնուած է սիրոյ վրայ»։
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբին ծաւալած կրթադաստիարակչական գործունէութիւնը եւ նորանոր յաջողութիւններու, ձեռքբերումներու հեռանկարներ ուրուագծեց։