Դպրոցիս առաջին օրը չեմ յիշեր՝ ո՞վ տարաւ զիս, կամ ի՞նչ էին տպաւորութիւններս եւ ապրումներս:
Աւելի ուշ կը յիշեմ որ զիս վար, ուսուցչարան կանչեցին եւ քանի մը ուսուցչուհիներ, դէմս նստած, սկսան հարցումներ ուղղել.
-Իրա՞ւ է որ Փարիզ գացեր ես մամայիդ եւ պապայիդ հետ:
Հազիւ կրցայ «Այո» մը փսփսալ, որովհետեւ ուսուցչարան կանչուիլը զիս ահով լեցուցեր էր. այդ ահը կը յիշեմ, թէեւ չեմ գիտեր թէ ինչո՛ւ պէտք էր ահով լեցուած ըլլայի, պարզապէս ուսուցչարան կանչուած ըլլալուս համար:
Հաւանաբար որովհետեւ ամէն անգամ որ մէկը ըսէր՝ «Մամադ քեզի կ’ուզէ», ես ահ ու սարսափի կը մատնուէի, «Նորէն ի՞նչ ըրեր եմ, որ պիտի յանդիմանուիմ» մտածելով:
Իմ մանուկի խելքովս մօրս բոլոր ըսածները կ’ընէի, բայց յաճախ կը յանդիմանուէի, ուրկէ բուսած սխալի մը համար, որուն սխալ ըլլալն իսկ գիտցած չէի ըլլար ընդհանրապէս:
Այս «կանչուելուն» սարսափը բաւական երկար ատեն մէջս մնաց:
Ուսուցչուհիները տարբեր հարցումներ կ’ուղղէին, որոնք ընդհանրապէս «Ի՞նչ տեսար» էին:
Բաւական բան կը յիշէի. օրինակ՝ երբ ինքնաշարժով Պուլոյնի անտառին մէջէն կ’անցնէինք, կարճ, ծաղկաւոր լայն փէշով աղջիկ մը կը քալէր երկու տղոց միջեւ. երբ տեսան, որ ես աչքերս շատ մեծ բացած զիրենք կը դիտեմ, երկու տղաքը, կարծես համաձայնած, դարձան եւ երկու կողմէն աղջկան այտերը համբուրեցին ու յետոյ ափերը շարժեցին խնդալով՝ «պայ-պայ», որովհետեւ ես ետեւ դարձած կը շարունակէի բաց բերանով զիրենք դիտել:
Կ’ուզէի ասիկա պատմել ուսուցչուհիներուս, բայց ամչցայ:
Կրնայի նաեւ պատմել թէ որքա՜ն բարձր էր Էյֆէլի աշտարակը եւ որքա՜ն լայն էին սիւները եւ ամէնը երկաթով հիւսուած: Վստահ էի, որ օրիորդներս շատ պիտի զարմանային՝ «Երկաթով հիւսուա՞ծ» պիտի հարցնէին: Բայց հազիւ կը պատրաստուէի այս մասին խօսիլ, երբ կ’երեւի յուսահատ ու թերեւս ալ համոզուած, որ մեր Փարիզ գացած ըլլալը յերիւրանք մըն էր միայն, «հատէ՛, գնա՛» հրահանգեցին եւ իրենք դարձան իրենց շատախօսութեան:
Նախակրթարանի երեք տարիներուն ընթացքին – աւելի բարձր դասարաններ չկային տեղի նեղութեան պատճառով – Կիւլպէնկեան դպրոցը դարձաւ իմ երազած ընտանիքս՝ բազմամարդ եւ բազմաղմուկ: Ի՜նչ լաւ էր, հիմա կը մտածեմ, որ այդ օրերուն մեր դպրոցական օրը երկու բաժին ունէր՝ կէսօրէ առաջ, որմէ ետք տուն, ճաշի կ’երթայինք ու ետ կու գայինք կէսօրէ ետքի դասերուն համար: Ժամը չորսին կ’արձակուէինք եւ մինչեւ մեր քունի ժամը շատ լաւ դաս սորվելու ժամանակ ունէինք:
Հիմա ժամերը նեղցե՞ր են, որ կէսօրուան երկուքին արձակուող աշակերտները դաս սորվելու ժամանակ չունին եղեր, ինչպէս յաճախ կը լսեմ:
Օր մը ամենայն լրջութեամբ տղուս հարցուցի, թէ արդեօ՞ք վայրկեանին միջոցը, երկրագունդին դառնալներուն հետ, գիտական բացատրութեամբ մը նեղցեր է՝ ինչ որ այսօրուան մէկ վայրկեանն է, մեր օրերուն մէկուկէսն էր թերեւս:
Այդ երեք տարիներէն բազմաթիւ յուշեր չունիմ, բայց ընդհանուր ուրախութեան մթնոլորտ մը կար, որ մինչեւ այսօր կը յամենայ մէջս:
Երբ առաջին դասարան եղայ, սկսանք աստիճաններէն վեր ելլել. մեծցեր էինք եւ մեծերուն երեք դասարանները վերի յարկն էին. պէտք էր բարձրանայինք հինգ աստիճան, յետոյ դէպի աջ շարունակէինք բաւական բարձր, մինչեւ դասարան հասնիլը: Ձախի աստիճաններէն հազուադէպ էր որ մէկը ելլէր, կարծեմ վերը տանիքն էր, ուր երբեմն ամավերջի հանդէսին փորձերը կ’ըլլային:
Մանկական քաղցրագոյն յուշերէս մէկն է «Պամպի» պատմութեան գիրքը, որ նուէր ստացեր էի գերազանց աշակերտ ըլլալուս համար եւ որուն վրայ առաջին էջին շատ գեղեցիկ ձեռագիրով մը ձօն գրուած է:
Երբ տասնամեակներ ետք կորսուած կարծուած գիրքը ձեռքս ինկաւ, տարօրինակ յուզում մը եւ խորունկ ուրախութիւն մը ապրեցայ, թէեւ անոնց աղբիւրը յստակ չէ ինծի համար, բայց ընդհանուր մթնոլորտի մը՝ ուրախ եւ հանգիստ, քաղցր  արձագանգն է հաւանաբար:
Օր մը, տակաւին ուսուցչուհին չէր մտած դասարան, իսկ աշակերտները կը շարունակէին զբօսանքի իրենց պոռչտուքը: Քանի մը անգամ փորձեցի ըսել, որ լռեն, որովհետեւ ահա կը տեսնեմ, որ մեր օրիորդը վեր կ’ելլէ եւ եթէ մեզ այս վիճակին մէջ գտնէ, հաւանաբար բոլորս ալ լաւ ծեծ մը ուտենք, որովհետեւ օրիորդ Անահիտը, մեր հայերէնի ուսուցչուհին շատ խոժոռ էր եւ խիստ: Յետոյ պիտի հաստատէի, դպրոցէն ետքի մեր բարեկամութեան ընթացքին, որ օրիորդ Անահիտին դէմքը պարզապէս ժպտուն չէր, բայց ինք շատ ազնիւ եւ համբերատար անձ մըն էր:
Երբ տեսայ, որ չեմ կրնար ձայնս իրենց հասցնել, բարձրացայ նստարանին, յետոյ գրասեղանին վրայ եւ ձայնս ձգած պոռացի.
-Լռեցէ՜ք… անիծեա՛լ ըլլաք…
Վերջին երկու բառերս արտասանած ընթացքիս օրիորդ Անահիտը արդէն դասարանին դրան մէջ էր եւ աշակերտներուն ձայնը, դանակով կտրուածի պէս, դադրեր էր. իմ «Անիծեա՛լ ըլլաք»ս յստակ ու շատ բարձր հնչեց, մինչ ես ալ կը նայէի օրիորդ Անահիտի դէմքին, որ տարօրինակ արտայայտութիւն մը ստացեր էր բառերս լսելով:
Սարսափահար, կամացուկ մը ետ վար իջայ նստարանէն, միտքովս ապրելով գալիք պատիժներս, որոնք հաստատապէս երկու պիտի ըլլային. նախ հիմա, հոս, ապա՝ տունը, մօրս շատ աւելի ծանր պատիժը: Չէի հասկնար թէ ինչպէ՛ս այդքան արագ ամէն բան կը հասնէր մօրս ականջին՝ հազիւ դպրոցէն տուն դառնայի, պատիժը կը սպասէր զիս: Եւ ամէն օր տարբեր բաներու համար պատիժ ունէի՝ բարձր խօսեր էի, շատ վազվզեր էի, տասի փոխարէն իննուկէս ստացեր էի …
-Նստեցէ՛ք…,- ըսաւ օրիորդ Անահիտը:
Բոլորս նստանք. կը զգայի, որ բոլորն ալ իմ պատիժիս կը սպասեն:
-Բացէ՛ք գիրքերը, նոր դաս…
Այդ օր պատիժ չունեցայ ո՛չ դպրոցը, ոչ ալ տունը: Եւ մեծ ուրախութեամբ մոռցայ այդ բոլորը:
Տարիներ ետք, երբ մտաբերեցի այս դէպքը, նախ շատ զարմացայ՝ ուրկէ՞ եկեր էր ինծի այդ խօսքը, ո՞ւր լսեր էի … եւ յիշեցի, ո՛չ, չկրցայ յիշել, պարզապէս ենթադրեցի, որ «նէնէ» Հայկանոյշին պատմած հեքիաթներէն լսած ըլլալու եմ, եւ … կուշտ ու կուռ խնդացի, միտքէս շնորհակալութիւն յայտնելով օրիորդ Անահիտին, որ հարցի չէր վերածած մանկական այդ պոռթկումս:
Երրորդ դասարանի տարին չէի ուզեր որ վերջանար. գիտէի որ յետոյ Հայկազեան պիտի երթայի. Հայկազեանը կը վախցնէր զիս. վստահ էի որ Կիւլպէնկեանի ընտանեկան մթնոլորտը պիտի չգտնէի հոն. ամբողջ տարուան ընթացքին այս վախը խաթարեց Կիւլպէնկեանէն ծնած ամէնօրեայ ուրախութիւնս:
Այսօր սակայն իմ այս դպրոցս կը յիշեմ մեծ-մամայի մը տունին քաղցրութեամբ եւ յիշատակներով:
Մարուշ Երամեան