Սփիւռքի ներկայ իրականութեան մէջ, հայ ուսուցիչը մեծ դերակատարութիւն ունի հայ աշակերտները կերտելու՝ հոգեմտաւոր, մշակութային եւ ազգային արժէքներով:
 
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, «Սփիւռքի Տարի» հռչակագիրի լոյսին տակ, անցնող օրերուն ուսուցչաց տօնին առիթով գործնականապէս իր հայրապետական օրհնութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց՝ մարդակերտումի եւ հայակերտումի առաքելութեան լծուած Սուրիոյ եւ Լիբանանի անխտիր բոլոր հայ ուսուցիչներուն, ներկայ տնտեսական դժուարին պայմաններուն մէջ անոնց նիւթաբարոյական օժանդակութիւն կատարելով:
 
Այս առիթով, մեր որդիական երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Նորին Սրբութեան, որ միշտ նեցուկ կը կանգնի Հայ Դպրոցին եւ անոր յարկէն ներս կենսագործող Հայ Ուսուցիչին:
 
Ուսուցչաց տօնին առիթով, հայրական օրհնութիւններով կը գնահատեմ եւ կը շնորհաւորեմ Թեմի տարածքին գործող բոլոր հայկական վարժարաններու ուսուցիչները, որոնք նուիրուածութեամբ կը ծառայեն Հայ Դպրոցին, նորահաս սերունդները թրծելով հայեցի-քրիստոնէական դաստիարակութեամբ:
 
Սիրելի՛ ուսուցիչներ,
Ձեր տօնը շնորհաւոր: Ուսուցչաց տօնը թող վերանորոգուելու եւ Ձեզի վստահուած առաքելութիւնը առաւել խանդավառութեամբ շարունակելու առիթ մը հանդիսանայ, Սփիւռքի տարածքին պահպանելու այն արժէքները, որոնք մեր նախնիներէն փոխանցուած են մեզի:
Կ’աղօթեմ Բարձրեալն Աստուծոյ, որ ձեզ իր հայրական հովանիին ներքեւ պահպանէ, առաւել ուժ եւ համբերութիւն շնորհէ, որպէսզի նորոգուած հոգիով շարունակէք Ձեր նուիրական առաքելութիւնը:
 
Մնամք սիրոյ ջերմ ողջունիւ եւ օրհնութեամբ՝
 
Մասիս Եպս. Զօպուեան
Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմին
 
17 Մարտ 2022