Չորեքշաբթի, 16 Մարտ 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, ուսուցչաց տօնին առիթով այցելեց Դամասկոսի Ազգ. Միացեալ Ճեմարան, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Ճեմարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնուհի օրդ. Ծովակ Պաղպուտարեանի եւ ազգայիններու կողմէ:
 
Սրբազան Հայրը տեսչարանէն ներս հանդիպում ունեցաւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներուն հետ, հոգաբարձութեան անդամին եւ տնօրէնուհիին ներկայութեամբ, մօտէն ծանօթացաւ Ճեմարանի ուսումնակրթական գործընթացին եւ դրուատիքով անդրադարձաւ տարուած աշխատանքին: Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը շրջագայեցաւ ճեմարանի զանազան բաժիններէն ներս։
Յիշենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ այս տարի ուսուցչաց տօնին յատուկ կշիռք տուաւ, յիշելով սուրիահայ անխտիր բոլոր վարժարաններու հայ ուսուցիչները եւ ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ անոնց նիւթաբարոյական օժանդակութիւն տրամադրելով: Այս առիթով, Սրբազան Հայրը իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան, որուն նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը մղիչ ուժ պիտի հանդիսանայ հայ ուսուցիչներուն՝ լաւագոյնս յառաջ տանելու հայակերտումի եւ մարդակերտումի առաքելութիւնը:
 
Մասիս եպիսկոպոս ուսուցչաց տօնին առիթով գնահատեց Ճեմարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին նուիրական աշխատանքը: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նուիրական այս օրուան մէջ շնորհաւորեց նաեւ Թեմի տարածքին գործող անխտիր բոլոր հայկական վարժարաններու ուսուցիչները, բոլորին մաղթելով անսպառ ուժ եւ աննահանջ երթ հայակերտումի նուիրական առաքելութեան մէջ: