«Ինչ կը մնար մարդկութիւնից, Տէ՛ր Աստուած,
Թէ չունենար ուսուցիչներ, դպրոցներ,
Ահա ինչո՛ւ ամբողջ հոգով եւ սրտանց,
Ուսուցիչներ խոնարհւում եմ ձեր առջեւ»:
Ա. Սահակեան
 
Չորեքշաբթի,16 Մարտ 2022-ի միջօրէին, Գամիշլիի Ազգային Եփրատ վարժարանի աշակերտները յիշատակեցին ուսուցչաց տօնը։
 
Անոնք գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով ներկայացուցին ասմունք, երգ եւ պար, որոնց մէջ կը ցոլային իրենց սիրոյ եւ յարգանքի զգացումները հանդէպ իրենց ուսուցիչներուն։
 
Այնուհետեւ վարժարանի տնօրէն փաստաբանուհի օր. Լուսին Աւետիսեան շնորհաւորեց ուսուցչաց կազմը՝ իր տօնին առիթով, վեր առնելով ուսուցիչին վսեմ առաքելութիւնը, որն է կերտել, դաստիարակել եւ անսակարկ նուիրումով աշխատիլ ի խնդիր սերունդներու դաստիարակութեան եւ վարժարանի վերելքին։ Ապա ան գնահատեց աշակերտները իրենց գեղեցիկ ներկայացումին համար, անոնց մաղթելով յարատեւ յաջողութիւն։
 
Աւարտին տեղի ունեցաւ այս առիթով պատրաստուած կարկանդակի հատում։
 
Բժշկհ. Մարի Մելքոն