Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի երդմնակալութեան առիթով Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորական հետեւեալ նամակը յղեց նորընտիր նախագահին.
«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք ձեզ, եւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ձեր ընտրութիւնը՝ իբրեւ նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան:
Համաշխարհային բազմազան ու այլազան տագնապներով յղի այս օրերուն, մեր հայրենիքը իր կարգին կը դիմագրաւէ ներքին խոր մտահոգութիւններ, եւ ենթակայ է շրջանային թէ միջազգային աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու ազդեցութեան: Արցախի պատերազմին յառաջացուցած ծանր հետեւանքները տակաւին կը մնան անլոյծ ու Արցախի ապագան անորոշ:
Արդարեւ, ներկայ ճգնաժամային շրջանին ձեր պատասխանատուութիւնը՝ իբրեւ նախագահ, ձեզ կը դնէ լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց: Մեր յոյսն է ու սպասումը միանգամայն, որ կարենաք խոհեմութեամբ ու քաջութեամբ դիմագրաւել բոլոր դժուարութիւնները՝ մեր հայրենիքը հեռու պահելով ներքին բեւեռացումներէ, ամրապնդելով մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը, ամուր հիմերու վրայ դնելով Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը, անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը եւ միշտ հետապնդելով համազգային շահերը, ինչպէս խոստացաք կատարել այս առաւօտ ձեր երդման արարողութեան ընթացքին:
Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ անձնապէս կը վստահեցնենք ձեզ, որ մեր սուրբ աթոռը պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Հայաստանի պետութեան ամրացման, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առաւել ծաւալման, եւ  մեր  ազգի ու հայրենիքի գերագոյն  եւ  ընդհանրական շահերու հետապնդման ու իղձերու իրագործման նպաստող ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն:
Կ’աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ ձեզի շնորհէ քաջառողջութիւն եւ իմաստութիւն, որպէսզի ձեր նախագահութեան ներքեւ մեր հայրենիքը ապրի խաղաղ ու բարգաւաճ տարիներ: Թող Աստուած պահէ ու պահպանէ մեր սիրելի ժողովուրդը ամէն տեսակ չարէ ու չարիքէ՝ ի  Հայաստան, յԱրցախ եւ ի Սփիւռս աշխարհի»: