15-17 Մարտ 2022-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Դամասկոսի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Եկեղեցին Սիրոյ Տուն» խորագիրը կրող եկեղեցական-միջազգային համագումարի բոլոր նիստերուն։ Սրբազան Հայրը առիթ ունեցաւ հանդիպելու Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ժամանած Հոգեւոր Պետերու, ինչպէս նաեւ բարեսիրական եւ մարդասիրական միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ եւ անոնցմէ ոմանց փոխանցեց Թեմի զաւակներուն շնորհակալութիւնը՝ անցնող տարիներուն Սուրիոյ հայ համայնքին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած մարդասիրական օժանդակութեան համար, մաղթելով, որ նոյն թափով շարունակեն իրենց մարդասիրական ծառայութիւնները Սուրիոյ մէջ։

Սրբազան Հայրը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Արեւելքի մէջ Կաթողիկէ եկեղեցիներու համախմբումի նախագահ Կարտինալ Լիոնարտէ Սանտրիին, որ իր խոր յարգանքն ու ողջոյնները փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին, նկատի ունենալով, որ երկար տարիներու սերտ յարաբերութիւն գոյութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ։

Մասիս Եպիսկոպոս այս առիթով ծանօթացաւ նոր կազմակերպութիւններու, որոնց ներկայացուցիչներուն հետ արծարծեց զանազան հարցեր՝ Սուրիոյ մէջ ներկայիս տիրող տնտեսական տագնապը եւ յետ պատերազմի ծանր իրավիճակը։ Շինիչ հանդիպումներուն Սրբազան Հայրը անոնց պարզեց Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, անդրադառնալով տարեցներուն եւ երիտասարդներուն ուղղուած ծրագիրներուն, մարդասիրական օժանդակութիւններուն, ինչպէս նաեւ ուսումնակրթական եւ շինարարական զանազան ծրագիրներուն։

Յիշենք, որ եկեղեցական միջազգային այս համագումարը կազմակերպուեցաւ Վատիկանի եւ Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ եկեղեցիներու Պատրիարքներու Խորհուրդին նախաձեռնութեամբ։