Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբը հաւատալով, որ ընթերցումը կը բարելաւէ հայ պատանիին բառապաշարն ու արտայայտչաձեւերը, անոր առջեւ բանալով բառերու, գաղափարներու լայն աշխարհ մը, յարմար նկատեց կազմակերպել ընթերցանութիւնը խրախուսող ու հայ պատանիին մօտ գիրքին նկատմամբ հետաքրքրութիւն յառաջացնող ձեռնարկ մը։
Յայտարարուեցաւ ընթերցանութեան մրցոյթ, իսկ ձեռնարկը նուիրուեցաւ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յ.Թումանեանի ծննդեան 153-ամեակին, նկատի ունենալով, որ Թումանեան փոքրիկներուն սիրելի գրողն է, եւ անոր հեքիաթները դաստիարակիչ բնոյթ ունին։
Արդարեւ, Շաբաթ, 19 Մարտ 2022-ի երեկոյեան ժամը 5։00-ին, Հալէպի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Հեքիաթներու Աշխարհ» ընթերցանութեան մրցոյթը։
Ձեռնարկին ներկայ էին հայկական վարժարաններու տնօրէնները, խնամակալութիւններու ներկայացուցիչները, մասնակից աշակերտներուն ծնողները, ինչպէս նաեւ օրուան դատական կազմի անդամներ՝ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ արժանապատիւ Տէր Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան, Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս գրող եւ պատմաբան դոկտ. Հուրի Ազէզեան եւ «Հայ Հորիզոն» առցանց կայանի հաղորդավար՝ Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեան։
Օրուան բեմավար Վեհան Պարսումեան հրաւիրեց հայկական վարժարաններու Ե. եւ Զ. կարգերու աշակերտները, որոնք մասնակցած էին հետեւեալ դպրոցներէն՝ Ազգ. Միացեալ վարժարանէն, Հայ Աւետ. Բեթէլ երկրդ. վարժարանէն, Լ.Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդր. վարժարանէն եւ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան երկրդ. վարժարանէն:
Քսաներկու աշակերտներ մեծ խանդավառութեամբ նախ ընթերցեցին իրենց ընտրած ու ընթերցման համար պատրաստած Թումանեանի հեքիաթը, ապա  յանպատրաստից հեքիաթներ, որմէ ետք դատական կազմը իր նկատողութիւնները եւ թելադրանքները տուաւ մասնակիցներուն։ Ապա ներկաները ակնդրեցին Յ.Թումանեանի մասին տեսերիզ մը, զոր պատրաստած էր Աննա Քոչեան-Մատթէոսեան։
Աշակերտներուն հեզասահ ընթերցումն ու գովելի պատրաստութիւնը դժուարութեան մատնեց գերազանցներու ընտրութեան պատրաստուող դատական կազմը։
Այնուհետեւ բոլոր մասնակիցները բեմ բարձրացան  եւ գնահատուեցան «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի ատենապետ Գէորգ Աղպապեանի ձեռամբ,  ստանալով Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան  հրատարակած Յակոբ Օշականի «Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան Վկայութիւններ ու Քերթուածներ» գիրքը։
Հասած էր այն ժամը։ Պատանիները անհամբեր կը սպասէին Դատական կազմին որոշումին, երբ յանձնախումբին վարչական կապը՝ Սոնա Ադամեան-Չալօղլեանը հրաւիրեց  Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեանը յայտարարելու մրցոյթին արդիւնքը։
Ե. կարգէն առաջին հանդիսացաւ Ազգ. Միացեալ վարժարանէն Գառնի Սիրուն Քէլաղայեան։
Երկրորդ հանդիսացաւ Լ.Նաճարեան Գ.Կիւլպէնկեան Կեդր. վարժարանէն Արենի Շառոյեան, իսկ երրորդ հանդիսացաւ Լ. Նաճարեան-Գ.Կիւլպէնկեան Կեդր. վարժարանէն Մեղեդի Չիթճեան։
Զ. կարգէն առաջին հանդիսացաւ Ազգ.Միացեալ վարժարանէն Աւետիս ՉիլԱբօշեան։
 Երկրորդ հանդիսացաւ Ազգ. Միացեալ վարժարանէն Նարօտ Սաղպազարեան, իսկ երրորդ՝ Ազգ. Միացեալ վարժարանէն Բալիկ Մարգէեան։
Գերազանց ընթերցողները ստացան յատուկ յուշանուէրներ Գրական Յանձնախումբին կողմէ, ապա աւարտին դոկտ. Հուրի Ազէզեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական վարժարաններու տնօրէններուն եւ ծնողներուն՝ իրենց աջակցութեան եւ համագործակցութեան համար։ Ան անդրադարձաւ հայերէնի պահպանելու ի խնդիր տարուող աշխատանքներուն, դիտել տալով, որ այս աշակերտները իրենց հեզասահ ընթերցումով, վերստին ապացուցեցին, որ ազգը չէ մեռած եւ կ’ապրի։
Ապա Տէր Խորէն քահանային «Պահպանիչ» աղօթքով ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ։
Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» Մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբը պիտի շարունակէ նման մրցաշարքեր կազմակերպել տարբեր կարգերու համար։
Թղթակից