“Արմէնփրէս”._ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է ՄԱԿ-ին Ատրպէյճանի անդամակցութեան 30-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնը Շուշիի մէև կազմակերպելու առիթով:

«Պաշտօնական Պաքուն, իր ոճին համահունչ, կը շարունակէ ապակառուցողական քաղաքականութիւնը՝ ուղղուած Արցախի նկատմամբ իր յարձակումի հետեւանքներու օրինականացման՝ փորձելով այդ գործընթացին մէջ ներգրաւել եւ օգտագործել նաեւ միջազգային հանրութիւնն ու տարբեր կառոյցները։

Այդ քաղաքականութեան հերթական դրսեւորում է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ատրպէյճանի անդամակցությմեան 30-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութեան կազմակերպումը Արցախի բռնագրաւուած Շուշի քաղաքին մէջ եւ նախաձեռնութիւնը ՄԱԿ-ի ու անոր կառոյցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը։ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը խստիւ կը դատապարտէ նման նախաձեռնութեան կատարումը Շուշիի մէջ։

ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը Ատրպէյճանի յարձակումի եւ հայատյացութեան գլխաւոր թիրախներէն մէկը հանդիսացող բնակավայրին մէջ կազմակերպուող նախաձեռնութիւնը կը հակասէ միջազգային այս կազմակերպութեան գործունէութեան հիմնադրոյթներուն, գաղափարախօսութեան ու առաքելութեան եւ, անկասկած, պիտի գտագործուի Ատրպէյճանի կողմէն իր մարդատեաց եւ յարձակողական քաղաքականութեան ղեկավարութեան նպատակով։

Սա նաեւ լուրջ հարուած է ՄԱԿ-ի հեղինակութեան, որ բացասական ազդեցութիւն կ’ունենայ կազմակերպութեան աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան վրայ»: