Կազմակերպութեամբ արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի խմբակին, Ուրբաթ, 18 Մարտ 2022-ին յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ բանասէր, պատմաբան, ազգագրագէտ եւ մատենագէտ Յակոբ Չոլաքեանի ներկայացումով «Տառադարձութիւնը Արեւմտահայերէնի Մէջ» խորագիրով առցանց դասընթացքի առաջին բաժինը։
Դասընթացքին մասնակցեցան Հայաստանէն եւ Սփիւռքի տարբեր շրջաններէն խմբագիրներ եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ։