“Երկիր”._Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի վարչակազմը յայտարարութիւն տարածած է, որ այս օրերուն շփման գիծին մօտ գտնուող շարք մը գիւղերու մէջ զինեալ ուժերը Արցախի մէջ հաստատուած Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմին հետ միատեղ լրացուցիչ նախաձեռնութիւններ կ’իրականացնեն տեղւոյն խաղաղ բնակչութեան լիարժէք անվտանգութիւնը ապահովելու համար։ «Այդ նախաձեռնութիւնները որեւէ ձեւով չեն նշանակեր դիրքային զիջումներ ու բնակավայրերու տարհանում, հակառակը՝ անոնք միտուած են այդ բնակավայրերու անվտանգութեան մակարդակի բարձրացնելու։ Կը յորդորենք հեռու մնալ անհիմն պնդումներէ ու շահարկումներէ՝ հանրութեան շրջանը չհրահրելու խուճապային տրամադրութիւններ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: