ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի հետ միատեղ «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրը Գորիս քաղաքին մէջ նախաձեռնած է «Հայկական Քաղաքական Հարթակ» քաղաքական դպրոց երիտասարդներուն համար։ Կարճ ժամանակամիջոցին Հայաստանի հանարպետութեան հասարակական եւ քաղաքական ոլորտի լաւագոյն մասնագէտները դպրոցի մասնակիցներուն կը փոխանցեն գիտելիքներ հետեւեալ նիւթերու շուրջ․

-Հայոց պետականութեան ծագումն ու զարգացումը։

-Պետական կառավարման բնորդները եւ ՀՀ պետական կառավարման կարգը:

-Իշխանութեան թեւերը, անոնց գործառոյթները եւ ձեւաչափերը:

-Քաղաքական գաղափարախօսութիւնները եւ անոնց տարբերութիւնները, ՀՀ գործող կուսակցութիւններու դիրքաւորումը:

-Իրաւագիտակցութիւն, քաղհասարակութիւն:

-Հարցաբանություն։

-Զանգուածային շարժումները եւ անոնց արդիւնքները։

-Վերազգային կազմակերպութիւններ։

-Տարածաշրջանային քաղաքականութիւն։

-ՀՀ ներքաղաքական իրավիճակ, առկայ մարտահրաւէրներ։

-Հայ Դատ եւ Արցախեան հիմնահարց։

-Սփիւռքը եւ անոր կարելիութիւնները։

-Սիւնիքի հիմնախնդիրը եւ նշանակութիւնը: