“Արմէնփրէս”._ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան 23 Մարտին ընդունած է Հայաստան Իրանի արտակարգ և լիազօր դեսպան Ապպաս Բադախշան Զոհուրին: ՀՀ նախագահը շնորհաւորած է Նեւրուզի՝ իրանական Ամանորի առիթով և ի դէմս դեսպանի՝ Իրանի ժողովուրդը յղած է իր լաւագոյն բարեմաղթանքները: Հանրապետութեան նախագահը և Իրանի դեսպանը երկուստեք կարեւոր համարած են բազմադարեայ պատմութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած հայ-իրանական յարաբերու­թիւններու շարունակաբար խորացումն ու ամրապնդումը: Հանդիպումին միտքեր փոխանակուած են հայ-իրանական փոխգործակցութեան տարբեր ոլորտներուն ու տարածաշրջանային զարգացումներուն առնչուող հարցերու շուրջ: