Արցախի տեղեկատուական շտապը յայտարարութիւն մը տարածելով յայտնեց, որ Ատրպէյճանի ուղղակի միջամտութեամբ Արցախի Հանրապետութեան մէջ կազամատակարարումը կրկին խափանուած է:
«Մենք ունինք բաւարար հիմքեր պնդելու, որ 8 Մարտին պայթեցուած կազատարի վերանորոգման աշխատանքներուն ընթացքին ատրպէյճանական կողմը տեղադրած է փական, որուն միջոցով ալ ժամեր առաջ դադրեցուցած է կազամատակարարումը: Ատրպէյճան ստեղծուած եղանակային անբարենպաստ պայմանները կը ծառայեցնէ մեր ազգաբնակչութեան համար մարդասիրական լրացուցիչ հարցեր յառաջացնելու նենգ գործին եւ կը դիմէ յանցաւոր քայլի:
Իրավիճակի մասին անմիջապէս տեղեկացուած է Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը, որուն հետ միասին Արցախի իշխանութիւնները ի գործ կը դնեն համապատասխան ջանքեր՝ կազամատակարարման վերականգնումին համար:
Միեւնոյն ժամանակ կը յորդորենք քաղաքացիները ըստ կարելւոյն խնայողաբար օգտագործել ելեկտրական հոսանքը՝ խուսափելու համար ելեկտրամատակարարման համակարգի հաւանական խափանումներէն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: