Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ Ասատ Չորեքշաբթի, 23 Մարտի առաւօտեան ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտուլլահեանը եւ անոր ընկերկցող պատուիրակութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու միջեւ առկայ գործակցութեան փաստաթուղթերը եւ երկկողմ համաձայնագրութիւններու իրականացման ջանքերը, յատկապէս տնտեսական եւ առեւտրական ոլորտներուն մէջ, հակառակ Արեւմուտքի կողմէ երկու երկիրներուն դէմ ձեռնարկուող անօրինական միակողմանի քայլերուն։ Կողմերը համաձայնեցան աշխուժացնելու միատեղ կապերը, որոնք կը ծառայեն Իրանի եւ Սուրիոյ ժողովուրդներու շահերուն: Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ երկու երկիրներու գործակցութեան շարունակման մասին: Ապտուլլահեան վերահաստատեց իր երկրին աջակցութիւնը Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին մինչեւ սուրիական բոլոր տարածքներու ազատագրումը` համարելով, որ Սուրիոյ յաղթանակը կարեւոր է տարածաշրջանի կայունութեան համար։ Ապտուլլահեան նախագահ Ասատին ներկայացուց Իրանի միջուկային համաձայնագիրին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները եւ յայտնեց, որ իր երկիրը նախաձեռնութիւններ ունի այդ առումով՝ համահունչ Իրանի ժողովուրդին իրաւունքներուն եւ շահերուն՝ ընդգծելով,որ համաձայնութեան հասնելու համար արեւմտեան երկիրները կամքի ուժ պէտք է դրսեւորեն՝ արձագանգելու Իրանի նախաձեռնութիւններուն։ Նախագահ Ասատ հաստատեց այս իմաստով Իրանի որդեգրած սկզբունքային քաղաքականութեան ճշգրտութիւնը, նկատի ունենալով, որ քաղաքականութեան մէջ չկան ցանկութիւններ,այլ կան չափանիշներ եւ սկզբունքներ։ Նախագահը դիտել տուաւ, որ Իրանի միջուկային թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան հասնիլը շատ կարեւոր է Իրանի եւ տարածաշրջանի շահերուն համահունչ համաշխարհային հաւասարակշռութեան համար։ Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ քաղաքական շարք մը հարցերու, որոնց շարքին Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ զինուորական ներկայութեան շուրջ: