Երկուշաբթի, 28 Մարտ 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հրապարակեց 2022-ի «15» թուակիր հրամանագիրը, որուն համաձայն 1949-ի «148» թուակիր պատժամիջոցներու յատուկ հրամանագիրին յօդուածները փոփոխութեան պիտի ենթարկուին։ Նոր հրամանագիրին համաձայն, պատիժի պիտի ենթարկուի սուրիական պետութեան դէմ ապատեղեկատուութիւն տարածող կամ լուր մը չափազանցուած ձեւով ներկայացնող իւրաքանչիւր քաղաքացի, նուազագոյնը վեց ամիս բանտարկութեամբ։ Հրամանագիրին համաձայն, պատիժի կ՚ենթարկուի նաեւ իւրաքանչիւր քաղաքացի, որ Սուրիոյ հակառակորդ պետութիւն մը կը գովաբանէ, նպատակ ունենալով ստորնացնել Սուրիոյ դիրքը։ Հրամանագիրին համաձայն պատիժի կ՚ենթարկուի նաեւ այն քաղաքացին, որ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան դէմ կ՚արտայայտուի, Սուրիայէն հողատարածքներ մասնատելու քարոզչութիւն ընելով։