ՀՀ  Ազգային Ժողովի փոխխօսնակ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա չեն կրնար ազնիւ ըլլալ իրենց մղումներուն մէջ, որովհետեւ բացայայտօրէն, բռնագրաւուած Շուշիի մէջ ստորագրուած հռչակագիրով հաստատեցին, որ կը միտին մեր պետութիւնը վերացնել:
«Օրուան իշխանութիւնները այս չեն հասկնար եւ երկիրը կը տանին դէպի անդունդ: Ինչ կը վերաբերի բուն բանակցութիւններուն, աւելին ըսեմ՝ իրենք փաստաթուղթ մը կը քննարկեն, այլապէս ամէն անգամ ի՞նչ ընելու համար կը հաւաքուին: Հաւանաբար կը քննարկեն փաստաթուղթ մը եւ կը փորձեն որոշ հարցերու շուրջ համաձայնութեան հասնիլ:
Եթէ խօսքը սահմաններու բացման եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին է, ատիկա կարելի էր մէկ գրութեամբ կարգաւորել, բայց պարզ է, չէ՞, որ խօսքը ուրիշ հարցերու մասին, նախապայմաններու մասին է՝ թաքնուած կամ բացայայտ: Այս պարագային շատ մը գործողութիւններ Թուրքիան կը համակարգէ Ատրպէյճանի հետ», ըսաւ Սաղաթէլեան: