ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբի կազմակերպած դասախօսական շարքին Բ. դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 22 Մարտ 2022_ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ։

«Սուրբ Գրային Դէմքեր» խորագրով հոգեպարար նիւթը ներկայացուց՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան։ Ընկհ. Ալին Քէօշկէրեան_ Վարդապետեան բացման խօսքով անդրադարձաւ հայ մօր տիպարին եւ դերակատարութեան, յատկապէս հաւատքի պահպանութեան մէջ, դիտել տալով որ ան ծոմապահութեամբ եւ իր օրինակելի կենցաղով կարող կը հոգեպէս առողջ ընտանիքի մը երաշխաւորը։

Ապա սրբազան հայրը նիւթին ներկայացումը սկսաւ թուելով Ս. Գրային շարք անձնաւորութիւններու անուններ եւ նշեց իւրաքանչիւրին շնորհքները, որոնցմով յատկանշուած է իր ողջ կեանքին մէջ։ Սրբազան հայրը նախ ներկայացուց Հին Կտակարանէն Նէեմեայ մարգարէն։ Ան ապրած է Քա. 5_րդ դարուն։ Նէեմեայ 1։4 ին մէջ մարգարէն կ’ըսէ «Լացի, սուգ բռնեցի, ծոմ պահեցի եւ Աստուծոյն աղօթեցի»։

Հետեւաբար այս անձնաւորութիւնը կը կապուի «աղօթք»-ին։ Նէեմեայ ապրելով դժուար եւ թափառական կեանք մը, աքսորուած եւ գերեվարուած է, սակայն դարձեալ վերադառնալով տաճարը վերականգնած է, որովհետեւ հաւատացած է աղօթքի զօրութեան։ «Նէեմեան օրինակ ունենալով մենք ալ հաւատքով աղօթենք», յորդորեց Տէր Մասիս։ Երկրորդը՝ Դանիէլ մարգարէն էր, որուն անունը կը նշանակէ «Աստուած իմ դատաւորս է»։ Դանիէլ գերեվարուած էր դէպի Բաբելոն, սակայն մերժած է ստրկանալ երկրաւոր թագաւորին՝ Նաբուգոդոնոսորին եւ հնազանդած է միայն իր երկնաւոր Աստուծոյն։ Այստեղ Տէր Մասիս շեշտը դրաւ «հնազանդութեան» վրայ։

«Դանիէլէն սորվինք հնազանդիլ Աստուծոյ, նոյնիսկ կեանքի ելեւէջներու ընթացքին եւ մեր աղօթական կեանքով ու հնազանդ կեցուածքով օրինակ դառնանք մեր շրջապատին», յայտնեց ան։ Երրորդը՝ Մովսէս մարգարէն էր, որուն կարելի է բնորոշել «առաջնորդ» բառով։ Ան ազգ մը ամբողջ առաջնորդեց անապատէն դէպի խոստացուած երկիր։ «Հաւատացեալը պէտք է ըլլայ առաջնորդ, նախ՝ իր անձին, ճանչնալով իր սխալները առաջնորդուի դէպի շիտակ ճամբայ, ետքը իր նեղ շրջանակին՝ տան եւ ապա միջավայրի անդամները մղելով դէպի Աստուծոյ հաւատքի ճամբան», աւելցուց սրբազան հայրը։ Չորրորդ դէմքը Նոյն է, որ Աստուծոյ հետ բարեկամն էր եւ անոր յատկութիւնը «շինարար» ըլլալն է։ Նոյ իր շինած տապանով փրկեց մարդկութիւնը։ «Մենք ալ ըլլանք շինարարներ, բայց ոչ քարաշէն տուներու, այլ՝ մարդը կերտենք մեր անձերուն մէջ եւ փրկենք մեր հոգեւոր կեանքը», թելադրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Հինգերորդը՝ Դաւիթն էր, որ պայքարեցաւ եւ իր մղած պատերազմներէն միշտ յաղթական դուրս եկաւ։ Աստուած պայքարելու առաքելութիւնը տուաւ անոր, որպէսզի պայքարի փղշտացիներուն դէմ։

«Կեանքը պայքար է ընդդէմ դժուար պայմաններուն։ Աշխարհիկ պէտքերը կ’ապահովուին նիւթականով, սակայն հոգեպէս քանդուած մարդը չի վերականգնիր, եթէ հոգեւոր պայքար չմղէ եւ որուն զէնքը հաւատքն ու հնազանդութիւնն են», ըսաւ Տէր Մասիս։ Վեցերորդը՝ Նոր Կտակարանէն Մարիամի եւ Մարթայի կերպարներն էին, որոնք «լսելու» եւ «ծառայելու» օրինակներ են։ «Լսենք Աստուծոյ ուսուցումները եւ ծառայենք։ Ս. Գիրքը կարդալով խօսուն կը դառնայ, Տէրոջը լսենք Ս. Գիրք կարդալով, ապա իմանալով ծառայենք եկեղեցւոյ մէջ, տան մէջ եւ ընկերութեան մէջ», յայտնեց սրբազան հայրը։ Եօթերորդ օրինակով ան ներկայացուց Աստուածամօր կերպարը, որ կը բնութագրուի «հաւատացեալ»ի իր էութեամբ։

Ան հաւատաց Աստուծոյ եւ ընդունեց իրեն համար ծրագրուած ճանապարհը։ Առանց հաւատքի կիսատ կը մնայ մեր աշխատանքը եւ ընթացքը։ Ութերորդը՝ Պօղոս առաքեալն է, որ յատկանշուեցաւ «քարոզութեամբ»։ Ան նոր Աւետիսը փոխանցեց, նոր ճամբայ ցոյց տուաւ հեթանոսներուն։ Քարոզել կը նշանակէ դաստիարակել եւ կրթել։ Ուստի ծնողքը առաջին քարոզիչն է, որ պիտի կրթէ զաւակները, պիտի ուսուցանէ Քրիստոսի, փրկութեան եւ յարութեան մասին։ Իններորդը՝ Պետրոս առաքեալն էր, որ կը յատկանշուէր «պաշտպան» բնորոշումով։ Ան պաշտպանեց հաւատքը եւ իր նուիրական աշխատանքով հաւատքը տարածեց։ Եւ վերջապէս Յիսուսը, որ «սիրոյ աղբիւր»-ն է ։

Ան սէր քարոզեց եւ սէր սերմանեց մարդոց հոգիներուն մէջ։ Սրբազան հայրը ըսաւ, «Մեր հոգիները սիրով թող լեցուին եւ ամենուր սէր տարածելու հետամուտ ըլլանք»։ Ապա իր խօսքը եզրափակելով ըսաւ. « Մեծ Պահեցողութեան ընթացքին այս տասը դէմքերու շնորհներուն մասին մտածենք եւ փորձենք առաւել եւս մօտենալ Աստուծոյ, նաեւ առաջնորդենք մեր շուրջինները դէպի հաւատքի ճամբայ»։

Աւարտին յանձնախումբի ատենապետուհի Հուրի Էպլիղաթեան_Մաղաքեան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, որ իր կարգին գնահատեց յանձնախումբին աշխատանքն ու ծառայութիւնը։

 

Մարինա Պօզեագալեան-Պազարպաշեան