Ամէն տարի Մարտ ամսուն ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի գայլիկները կը նշեն մայրերու տօնը յարգելու եւ մեծարելու համար իրենց մայրերը։
Այս տարի նոյնպէս Մոկլի եւ Գայլ-Արծուիկ միաւորները Կիրակի, 20 Մարտ 2022-ին, ՀՄԸՄ-ի պարտէզէն ներս կոկիկ յայտագիրով մը նշեցին մայրերու տօնը։
Բացման խօսքը արտասանեց քոյր Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեանը։ Նախ ան անդրադարձաւ թէ որքան կարեւոր է մօր դերը մեր ազգային եւ ընկերային կեանքէն ներս, ապա  շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մայրերուն, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին ՀՄԸՄ-ին եւ անոր հետ համագործակցաբար կը պատրաստեն ազգային գիտակցութեամբ զինուած ապագայի հայ մարդը։
Մոկլի միաւորի քոյրերն ու եղբայրները մայրերու նուիրուած գեղեցիկ երգերով խանդավառեցին ներկաները։ Յաջորդաբար բեմ բարձրացան Կարմիր, Կապոյտ եւ Նարնջագոյն վոհմակ-երամները եւ ներկայացուցին մայրական սէրն ու գուրգուրանքը արտացոլացող ասմունքներ։ Վերջապէս Դեղին, Կանաչ եւ Ճերմակ վոհմակ-երամները հանդէս եկան դարձեալ փունջ մը գեղեցիկ երգերով։
Սկաուտ խորհուրդը այս առթիւ պատրաստած էր գեղեցիկ  յուշանուէրներ, որոնք վաճառուեցան ներկաներուն, ապա ընտրուեցան օրուան բախտաւոր չորս մայրերը։
Աւարտին, մասնաճիւղի խմբապետ՝ եղբ. Յակոբ Ուրիշիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին միութեանս բոլոր գործունէութիւններուն։ Օրուան յայտագիրը փակուեցաւ «Գայլիկ եմ ՀՄԸՄ-ի» քայլերգով։
Թղթակից