ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան 23 Մարտին, ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անն Լույօն եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան առաջին խորհրդական Քրիսթօֆ Քացախեանը: Ողջունելով հիւրերը՝ Իշխան Սաղաթէլեան ընդգծած է հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը: Տիկին դեսպանը ներկայացուցած է յետպատերազմեան շրջանին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը՝ նշելով, որ թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ Արցախի հանրապետութիւնները կեցած են անվտանգութեան լրջագոյն հարցերու առջև: Հրադադարէն վերջ Ատրպէյճան կը շարունակէ իր սպառնալից հռետորաբանութիւնը, յարձակումը եւ Արցախի հայաթափման ուղղուած քաղաքականութիւնը: Իշխան Սաղաթէլեան իր մտահոգութիւնը յայտնած է օրեր առաջ Արցախի մէջ ատրպէյճանցիներու կողմէ պայթած կազատարի հարցով, որուն հետեւանքով մօտաւորապէս 100 հազար արցախցիներ կեցած են մարդկային աղէտի առջեւ։ Ասիկա շեշտած է միջազգային հանրութեան յստակ արձագանգէ եւ կատարուող երեւոյթներուն պատշաճ գնահատական տալու կարեւորութիւնը: ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխնախագահը ընդգծած է. «Մեր դիրքորոշումն է, որ Արցախը երբեք չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ եւ Արցախի հարցը պէտք է լուծուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեամբ, այս ձեւաչափը պէտք է կարենայ պահպանել՝ հակառակ Ատրպէյճանի ցանկութեան»: Դեսպանի հետ խօսած են նաեւ ներքաղաքական հարցերու մասին: ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչը ներկայացուցած է ընդդիմութեան մօտեցումները եւ դիրքորոշումները շարք մը հարցերու մասին՝ մարդու իրաւունքներու եւ քաղաքական հետապնդումներու հարցով, յատկապէս վեր հանած է ապօրինի կալանաւորուած համայնքի ղեկավարներուն հարցը (Առուշ Առուշանեան, Մանուէլ Փարամազեան, Յարութիւն Մանուչարեան, Մամիկոն Ասլանեան, Արա Մկրտչեան) : Իր կարգին դեսպան Անն Լույոն կարեւոր համարած է հայ-ֆրանսական բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները եւ խորհրդարանական ընդդիմութեան հետ հանդիպումները: Դեսպանը յայտնած է, որ Ֆրանսան ուշադրութեամբ կը հետեւի հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցող գործողութիւններուն եւ հաւաստիացուցած է, որ Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով իրենց դիրքորոշումը անփոփոխ է, եւ հարցը պէտք է լուծուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեամբ: