“Ապառաժ”._24 Մարտին, Ստեփանակերտի «Արեւիկ» մանկական բժշկական կեդրոնի մօտ տեղի ունեցած է խաղաղ հաւաք, որուն մասնակցած էին կիներ ու երեխաներ: Ձիւն ու ցուրտի պայմաններու մէջ հիւանդանոցի մօտ հաւաքուած կիներ իրենց բողոքի ձայնը ուղղած են Ատրպէյճանի կողմէն կազի մատակարումի դադարեցման եւ բնակչութեան ահաբեկման փորձերուն համար : Ելոյթ ունեցողներէն Ալիոնա Սարգսեան յիշեցուցած է, որ 1920_ին այս օրերուն Ատրպէյճանը Շուշիի մէջ հայերուն ջարդեր կազմակերպած է: Անոր խօսքին համաձայն, այսօր Ատրպէյճանի հայատեաց իշխանութիւնները նոյն ձեւով կը փորձեն Ցեղասպանութեան նոր ծրագիր իրագործել: «Սա սոսկ մարդկային աղէտ չէ:

Եթէ այսօր չմիաւորուինք, համերաշխութիւն չցուցաբերենք, մենք չենք կրնար մեր պահանջները ի լուր աշխարհին ըսել: 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով կորսնցուցած եմ ամէն ինչ, նոյնիսկ հօրս գերեզմանը այցելելու պատիւը: Այսօր կ’ապրիմ Արցախի մէջ եւ պիտի ապրիմ մինչև վերջ, որովհետեւ Արցախը իմ տունս է», իր խօսքին մէջ ըսած է Ալիոնա Սարգսեան: Էլլատա Ղահրամանեան ցաւով արձանագրած է, որ բացի քանի մը կոչերէ, յորդորներէ միջազգային կառոյցներու կողմէ ոչ մէկ արձագանգ չէ ստացած Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը:

«Մեր հաւաքի ամենակարեւոր նպատակը մեր ձայնը արար աշխարհին լսելի դարձնել է, որովհետեւ Ատրպէյճանը ի լուր աշխարհի յայտարարած է, որ այս մարդկային աղէտը իր ձեռագիրն է: Ատրպէյճան պիտի օգտուի առիթէն եւ կ’ակնկալուի, որ նոր քայլերու պիտի դիմէ: Որեւէ արցախցի չի փափաքիր լքել իր հողը, իր տունը: Ատրպէյճանը պէտք է հասկնայ՝ արցախցին կ’ապրի եւ պիտի ապրի Արցախի մէջ, Արցախը Ատրպէյճան չէ, երբեք պիտի չըլլայ:

Մենք պիտի ապրինք, գոյատեւենք եւ պիտի պայքարինք մեր իրաւունքներուն համար: Մեր երեխաները արժանի են ապրելու անվտանգ Արցախի մէջ», ըսած է ան: Քրիստին Բալայեանի խօսքին համաձայն, միասնութիւնը մեր ապագայի խորհրդանիշն է. «Մանկական հիւանդանոցին մօտ հաւաքուելով՝ նպատակ ունինք ամբողջ աշխարհին ցոյց տալու, որ հոն բուժուող երեխաները մենք մեր սրտի ջերմութեամբ կը տաքցնենք մինչեւ միջազգային հանրութեան անտարբերութիւնը պիտի վերածուի ըմբռնումի: Հոս գտնուող իւրաքանչիւրի փափաքն է իր երեխաները մեծցնել սեփական տան մէջ խաղաղ երկինքի տակ: Մենք երթալիք տեղ չունինք, որովհետեւ Արցախն է մեր տունը»:

Հաւաքի վերջաւորութեան բոլոր մասնակիցները ձեռք ձեռքի տուին՝ ի նշան միասնութեան եւ պայքարի: