Արցախի տեղեկատուական շտապին տարածած յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ կազմատակարարումի վերականգնումին համար բանակցութիւնները կը շարունակուին: «Յարգելի ՛ հայրենակիցներ, Կը յայտնենք, որ կազամատակարարման վերականգնումի համար, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի աջակցութեամբ, ատրպէյճանական կողմի հետ կը շարունակուին բանակցութիւնները: ԱՀ Կառավարութիւնը հետամուտ է մարդկային այդ կարեւորագոյն հարցը օր առաջ լուծելու եւ կը հաւաստիացնենք, որ կը ձեռնարկուին բոլոր կարելի միջոցները նաեւ դիւանագիտական հարթակի վրայ, որոնք, բնականաբար, հրապարակութեան ենթակայ չեն: Կը տեղեկացնենք, որ ատրպէյճանական կողմի հարուցած, ինչպէս նաեւ այլ հարցերու լուծման նպատակով ԱՀ նախագահի կարգադրութեամբ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին հետ աշխատանքները համակարգելու լիազօրութիւնը վերապահուած է ԱՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեանին: Միեւնոյն ատեն կը յորդորենք հանրային եւ քաղաքական գործիչները պահպանելու զսպուածութիւնը, հեռու մնալու գործողութիւններէ ու յայտարարութիւններէ:»: